Թուրքիոյ Ազգային փոքրամասնութիւններու վաքըֆները դիմումներ ներկայացուցած են 1410 անշարժ գոյքի վերադարձը պահանջելով:
181-ի համար դրական պատասխան տրուած է, իսկ 347-ի համար՝ բացասական: 893 դիմում մեր-ժուած է: Ինչ կը վերաբերի երրորդ անձերու փոխանցուած գոյքերու վերադարձին, միայն մէկ վագըֆ այսպիսի դիմում ներկայացուցած է:
«Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ թէ վերոյիշեալ տեղեկութիւնները հաղորդած է Թուրքիոյ փոխ վարչապետ Պիուլենտ Արընչ: Ան յայտնած է նաեւ թէ 893 անշարժ գոյքերու դիմումները մերժուած են, որովհետեւ յարմար փաստաթուղթեր չեն ներկայացուած:
Թերթը կÿաւելցնէ, թէ Վագըֆներու գլխաւոր վարչութիւնը փոքրամասնութիւններու պատկանող կալուածներու վերանորոգման կը ձեռնարկէ: Այս ծիրէն ներս նախատեսուած են Տարտանելի Գիոքչէ կղզիին վրայ գտնուող Այիոս Նիկոլաոս յունական եկեղեցւոյ, Պոլսոյ ասորական կաթոլիկ վաքըֆին յատկացուած Հաթայ նահանգի Իսկենտերուն (Ալեքսանդրետ) քաղաքի ասորական կաթոլիկ եկեղեցիներու, Անթաքիայի յունական կաթոլիկ եկեղեցւոյ, եւ Տիարպեքիրի Սուր շրջանի հայ բողոքական եկեղեցւոյ վերանորոգումները: