Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Պոլ­սա­հայ նա­հա­տակ լրագ­րող Հ­րանդ Տին­քի ըն­տա­նի­քի փաս­տա­բան­նե­րէն Հա­քան Պա­քըր­ճըօղ­լու բո­ղոք ներ­կա­յա­ցու­ցած է Թուր­քիոյ դա­տա­խա­զու­թեան այն ո­րոշ­ման դէմ, որ կը խօ­սի Տին­քի սպա­նու­թեան դա­տով 24 պե­տա­կան ծա­ռա­յո­ղի նկատ­մամբ քրէա­կան հե­տապն­դու­մը դադ­րեց­նե­լու մա­սին:

Ըստ Ermenihaber.amի՝ թրքա­կան «­Միլ­լիէթ» թեր­թը գրած է, որ բո­ղո­քի դի­մու­մը ներ­կա­յա­ցո­ւած է Պոլ­սոյ գլխա­ւոր դա­տա­խա­զու­թեան:

Աղ­բիւ­րը կը յի­շեց­նէ, որ Թուր­քիոյ դա­տա­խա­զու­թիւ­նը «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հիմ­նա­դիր-խմբագ­րա­պետ Հ­րանդ Տին­քի սպա­նու­թեան դա­տով՝ պաշ­տօ­նի չա­րա­շահ­ման մէջ մե­ղադ­րո­ւող 43 պե­տա­կան ծա­ռա­յո­ղի նկատ­մամբ քրէա­կան հե­տապն­դու­մը դադ­րեց­նե­լու ո­րո­շում տո­ւած էր։

Այս 24 պե­տա­կան ծա­ռա­յող­նե­րու կար­գին են Թուր­քիոյ ազ­գա­յին հե­տա­խու­զա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան (ՄԻԹ) ծա­ռա­յա­կից Օ­զել Եըլ­մազ եւ Էր­կուն Կիւն­կէոր, որ պոլ­սա­հայ լրագ­րո­ղի սպա­նու­թեան ժա­մա­նակ ե­ղած է Պոլ­սոյ նա­հան­գա­պե­տի օգ­նա­կա­նը:

Ըստ Տինք ըն­տա­նի­քի փաս­տա­բա­նին՝ Եըլ­մազ պա­տաս­խա­նա­տու է Տին­քի սպա­նու­թիւ­նը չկան­խե­լու, իսկ Կիւն­կէոր, ինչ­պէս նաեւ այդ շրջա­նին մէջ Պոլ­սոյ նա­հան­գա­պետ Մո­ւամ­մեր Կիւ­լեր պա­տաս­խա­նա­տու են Տին­քի անվ­տան­գու­թիւ­նը չա­պա­հո­վել­նուն հա­մար: