Ատրպէյճանական ծանր յանցագործութեանց դատարան մը Երկուշաբթի՝ Դեկտեմբեր 28ին, վեց տարուան բանտարկութեան դատապարտեց յայտնի լրագրող Ռաուֆ Միրքատիրովը՝ զայն ամբաստանելով «Հայաստանի համար լրտեսութիւն կատարելու» մեղադրանքով, շարք մը այլ յանցանքներու կողքին:
Մարդկային իրաւանց պաշտպաններ անհիմն կը նկատեն Միրքատիրովի հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնները։ Ատեանի որոշումէն ետք, դատապարտեալին փաստաբանը՝ Ֆուատ Աղաեւ եւս յայտարարեց, թէ Միրքատիրով կը շարունակէ մերժել իր հասցէին կատարուած ամբաստանութիւնները՝ աւելցնելով, թէ անոնք քաղաքական նպատակներով ներկայացուած են:
«Առանց սահմանի լրագրողներ» կազմակերպութիւնը դատապարտեց մրցանակներու արժանացած այս լրագրողին դատավարութիւնը՝ կոչ ընելով Պաքուի իշխանութեանց, որ անմիջապէս ազատ արձակեն զայն։ Կազմակերպութեան Արեւելեան Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատուն՝ Եոհան Պիհր, Միրքատիրովը նկատած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վարչակարգը քննադատողներուն դէմ սկսած «վհուկներու որս»ի նորագոյն զոհը։
Նշենք, որ 54ամեայ Միրքատիրով ձերբակալուած էր Թուրքիոյ մէջ եւ ապա յանձնուած Պաքուի իշխանութիւններուն: Ան «Զերքալօ»ի եւ քանի մը այլ թերթերու յօդուածագիր էր, որ նախքան ձերբակալուիլը՝ երեք տարի ապրած էր Թուրքիոյ մէջ եւ, Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողքին, կը քննադատէր նաեւ Թուրքիոյ կառավարութեան կարգ մը քայլերը։