Թուրքիոյ գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական-Ժողովրդավար կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխ-նախագահ Սեզկին Թանրըքուլու օրինագիծ ներկայացուցած է Թուրքիոյ խորհրդարանին՝ Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն տրամադրելու 1914էն ի վեր բռնագաղթի ենթարկման հետեւանքով կամ այլ պատճառներով քաղաքացիութենէ զրկուածներուն:
Ըստ թրքական «Հապերաքթուէլ» լրատուական կայքին՝ երբ օրինագիծը վաւերացուի, քաղաքացիութիւն պիտի տրամադրուի Ցեղասպանութեան ընթացքին հայրենազրկուած հայերուն, ինչպէս նաեւ յոյներուն եւ ասորիներուն եւ անոնց շառաւիղներուն՝ մինչեւ 4րդ սերունդ:
Դիմումներու համար, հարկաւոր պիտի ըլլան տուեալ ժամանակուան անձնագիրներ, եկեղեցական արձանագրութիւններ, փոքրամասնութիւններու հիմնարկներու արձանագրութիւններ, Օսմանեան Կայսրութեան փաստաթուղթեր կամ գաղթականները ընդունած երկիրներու համապատասխան մարմիններէն՝ Թուրքիայէն արտագաղթած ըլլալու մասին փաստաթուղթեր:
Օրէնքը կը վերաբերի Հայոց Ցեղասպանութեան ատէն եւ 6-7 Սեպտեմբեր 1955ին վնասուած ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն, մասնաւորաբար հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն: Նշենք, որ 2014ի Փետրուարին նմանատիպ օրինագիծ մը ներկայացուած էր նաեւ քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան կողմէ, որ սակայն չէր վաւերացուած Թուրքիոյ օրէնսդիր ժողովին կողմէ: