Չորեքշաբթի՝ Դեկտեմբեր 23ին, Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սալահէտտին Տեմիրթաշ, Մոսկուայի մէջ, հանդիպում մը ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» լրատուական ծառայութիւնը կը գրէ, թէ Լաւրով յիշեցուցած է, որ Սուրիոյ կառավարութեան ցանկութեամբ՝ Մոսկուա կը գործակցի բոլոր անոնց հետ, ներառեալ՝ քիւրտերուն, որոնք կը պայքարին Իսլամական Պետութիւն կոչուող ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ:
Իր կարգին՝ Տեմիրթաշ նշած է, որ ժողովրդավարութեան համար պայքարող քրտամէտ կուսակցութիւնը մեծ կարեւորութիւն կու տայ Ռուսիա-Թուրքիա յարաբերութիւններուն, որոնց ներկայ վիճակը «ցաւալի» որակած է։ Ան շեշտած է, նաեւ, որ թրքական օդուժին կողմէ ռուսական ռազմական օդանաւին վրայ յարձակումը «սխալ մըն էր»: «Թուրքիա-Ռուսիա ճգնաժամը պէտք է լուծել այնպէս, որ երկու հասարակութիւնները եւ ժողովուրդները վնաս չկրեն»,- նշած է Տեմիրթաշ: