Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­altԹուր­քիոյ քրտա­մէտ ­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թե­նէն ընտ­րո­ւած հայ պատ­գա­մա­ւոր ­Կա­րօ ­Փայ­լան, թրքա­կան ­Մեճ­լի­սի ամ­պիո­նէն պա­հան­ջած է կա­րե­ւո­րել ու չմոռ­նալ հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քին բնա­կող հնա­գոյն ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն՝ քրիս­տո­նեա­նե­րուն տօ­նը՝ ­Սուրբ Ծ­նուն­դը:

Կա­րօ ­Փայ­լան ը­սած է.- «Այ­սօր քրիս­տո­նէա­կան ըն­տա­նի­քին ­Սուրբ Ծ­նունդն է, սա­կայն մեր ­Մեճ­լի­սը զայն չէ շնոր­հա­ւո­րած: ­Կար ժա­մա­նակ, երբ այս հո­ղե­րուն վրայ քրիս­տո­նեա­նե­րը շատ էին, բնակ­չու­թեան 40 տո­կո­սը կը կազ­մէին:

Այ­սօր մենք հա­զա­րէն մէկն ենք: ­Սա­կայն այդ ա­մէ­նը մեր ցան­կու­թեամբ չե­ղաւ, մենք չհե­ռա­ցանք, մեզ պակ­սե­ցու­ցին այս հո­ղե­րէն: «­­Սա­կայն նոյ­նիսկ ե­թէ քիչ ալ ըլ­լանք, մէկ ալ ըլ­լանք, ­Մեճ­լի­սը պէտք է կա­րե­ւո­րու­թիւն տայ ­Սուրբ Ծ­նուն­դին: 1915 թո­ւա­կա­նէն ա­ռաջ այս հո­ղե­րուն վրայ ­Սուրբ Ծ­նուն­դը կա­րե­ւոր տօն կը հա­մա­րո­ւէր: Այդ օ­րե­րուն ար­ձա­կուրդ կը յայ­տա­րա­րո­ւէր, ինչ­պէս այժմ իս­լա­մա­կան տօ­նե­րուն ժա­մա­նակ: Այս տե­սան­կիւ­նէ անհ­րա­ժեշտ է կա­րե­ւո­րել նաեւ ա­նոնց տօ­նը, ո­րոնք այժմ այս հո­ղե­րուն վրայ փոք­րա­թիւ մնա­ցած են»: