Ա.Մ.Ն.ի մէջ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած ստորագրահաւաք սկսած է: Թրքալեզու «amerikaninsesi.com» լրատուակայքը կը տեղեկացնէ, որ «նախագահ Էրտողանի ղեկավարած Թուրքիան պէտք է հռչակուի որպէս ահաբեկչութեան աջակցող պետութիւն եւ պէտք է վերջ դրուի Ամերիկայի հետ դաշնակցութեան» վերնագիրով
ստորագրահաւաքը մեկնարկած է Սպիտակ Տան պաշտօնական կայքէջին մէջ: Ըստ աղբիւրին` Սպիտակ Տան կողմէ պատասխանի արժանանալու համար այսպիսի դիմումները սովորաբար պէտք է 30 օրուան մէջ 100.000 ստորագրութիւն հաւաքեն: «Whitehouse.gov» կայքին մէջ տեղ գտած դիմումը ունի հետեւեալ բովանդակութիւնը.- «Սուրիոյ մէջ Ի.Պ.ի (İŞİD-Իսլամական Պետութիւն) թիրախները ռմբակոծող ռուսական օդանաւին Թուրքիոյ կողմէ հրթիռակոծուելէն ետք անհնար է հերքել այն փաստը, որ նախագահ Էրտողան կ՛աջակցի Սուրիոյ ջիհատական ահաբեկիչներուն: Ի.Պ. Թուրքիոյ տարածքով քարիւղ կը վաճառէ, Ի.Պ.ի եւ Ալ-Քայիտէյի ահաբեկիչներն ու այլ ճիհատական խումբեր ելումուտ կ՛ընեն թրքական սահմանով:
«Թուրքիա նախապէս ալ աջակցած է Պոսնիոյ, Չեչնիոյ, Պաղեստինի, Վրաստանի, Եգիպտոսի եւ Չինաստանի մէջ գործող ահաբեկչական խումբերուն, իր հարեւաններուն դէմ (Կիպրոսի մէջ զինուորներ տեղակայելով, Յունաստանի օդային սահմանը խախտելով, Հայաստանը շրջափակման մէջ պահելով) թշնամական պահուածք դրսեւորած է, ցեղասպանութեան ենթարկած է հայերը, յոյները, ասորիները:
Այս պատճառներէն մեկնած` Թուրքիան պէտք է յայտարարուի ահաբեկչութեան աջակցող պետութիւն եւ պէտք է վերջ դրուի ՆԱԹՕի ծիրէն ներս Թուրքիա-Ամերիկա դաշնակցութեան»: