Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

alt8 Դեկ­տեմ­բե­րին եւ 8-9 Դեկ­տեմ­բե­րի լուս­ցող գի­շե­րը, ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տագ­նա­պի զօր­քե­րու շփման գի­ծին վրայ, Ատըր­պէյ­ճա­նի կող­մէ զի­նա­դա­դա­րի պահ­պան­ման դրու­թիւ­նը խախտուած է բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ, կա­ցու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կէ լա­րո­ւած մնալ:

Հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ խո­շոր տրա­մա­չա­փի ար­ձա­կա­զէ­նի հրա­ցա­նէն ար­ձա­կո­ւած կրա­կո­ցին պատ­ճա­ռով՝ Լ.Ղ.Հ պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի ա­րե­ւե­լեան ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կայուած զօ­րա­մա­սե­րէն մէ­կուն մէջ մա­հա­ցու հրա­զէ­նա­յին հարո­ւած ստա­ցած ու մա­հա­ցած է բա­նա­կի պայ­մա­նագ­րա­յին զի­նո­ւոր, 1991ի ծնունդ Գա­րիկ Գուր­գէ­նի Ա­ւա­նե­սեան:

Դէպ­քին ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը պար­զե­լու հա­մար կը կա­տա­րո­ւի քննու­թիւն:

Այս ա­ռի­թով հրա­պա­րա­կած հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ, Լ.Ղ.Հ. պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը գրած է.- «­Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը կի­սէ կորս­տեան ծանր վիշ­տը եւ իր զօ­րակ­ցու­թիւ­նը կը յայտ­նէ զոհո­ւած զինուո­րա­կան ծա­ռա­յո­ղի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րուն, հա­րա­զատ­նե­րուն եւ ծա­ռա­յա­կից­նե­րուն: Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը յայ­տա­րա­րէ, որ հա­կա­ռա­կոր­դի ա­պա­կա­յու­նաց­նող գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը ան­պա­տիժ պի­տի չմնան եւ ստեղ­ծո­ւած ի­րադ­րու­թեան հե­տե­ւանք­նե­րը ծանր ու ան­դառ­նա­լի պի­տի ըլ­լան»: Նա­խա­րա­րու­թիւ­նը նաեւ տե­ղե­կա­ցու­ցած է, որ հա­կա­ռա­կոր­դը ա­ռա­ջին ան­գամն ըլ­լա­լով հրե­տա­նիէն սկսած է ռմբա­կոծ­ման են­թար­կել պաշտ­պա­նու­թեան բա­նա­կի հա­րա­ւա­յին ուղ­ղու­թեամբ տե­ղա­կա­յո­ւած զի­նո­ւո­րա­կան դիր­քե­րը: 8-9 Դեկ­տեմ­բեր լուս­ցող գի­շե­րը ղա­րա­բա­ղեան-ատր­պէյ­ճա­նա­կան տագ­նա­պի զօր­քե­րու շփման գի­ծին մէջ հա­կա­ռա­կոր­դին կող­մէ զի­նա­դա­դա­րի պահ­պան­ման դրու­թիւ­նը խախ­տած է ա­ւե­լի քան 180 ան­գամ, ո­րուն ըն­թաց­քին տար­բեր տրա­մա­չա­փի հրաձ­գա­յին զի­նա­տե­սակ­նե­րէ հայ սահ­մա­նա­պահ­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ ար­ձա­կո­ւած է շուրջ 1500 կրա­կոց: