Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թր­քա­կան դա­տա­րա­նը՝ Ան­գա­րա­յի քա­ղա­քա­պետ Մե­լիհ Կէոք­չէ­քը վի­րա­ւո­րե­լու մե­ղադ­րան­քով, 1160 լի­րա (400 տո­լար) տու­գանք վճա­րե­լու ո­րո­շում կա­յա­ցու­ցած է պոլ­սա­հայ յայտ­նի լրագ­րող Հայ­կօ Պաղ­տա­տի դէմ: Պաղ­տա­տի փաս­տա­բա­նը դա­տա­րա­նին մէջ շեշ­տած է, թէ Ան­գա­րա­յի քա­ղա­քա­պե­տը միշտ ի­րեն տհաճ մար­դոց վի­րա­ւո­րե­լու հա­մար զա­նոնք «հայ» ա­նո­ւա­նած է, ո­րուն ի պա­տաս­խան Հայ­կօ Պաղ­տատ Ան­գա­րա­յի քա­ղա­քա­պե­տը «զզո­ւե­լի» ա­նուա­նած է: Սա­կայն դա­տա­րա­նը ո­րո­շած է, որ Հայ­կօ Պաղ­տա­տը դի­տա­ւո­րեալ վի­րա­ւո­րած է Ան­գա­րա­յի քա­ղա­քա­պե­տը` նշա­նա­կե­լով 1160 լի­րա տու­գանք:

Կր­կին նոյն թե­մա­յով, բայց Ան­գա­րա­յի քա­ղա­քա­պե­տին կող­մէ Հայ­կօ Պաղ­տա­տի դէմ հա­տուց­ման պա­հան­ջով դա­տա­կան հայ­ցի քննար­կու­մը յե­տաձ­գո­ւած է:

Ն­շենք, որ դեռ 2015ի Մար­տին Հայ­կօ Պաղ­տատ ա­ռի­թով մը Twitterի մէջ գրած էր՝ «­Մայ­րա­քա­ղա­քը հա­յուն յանձ­նած են: Կը ցա­ւակ­ցիմ», որ­մէ ետք Ան­գա­րա­յի քա­ղա­քա­պե­տը յայ­տա­րա­րու­թիւն տա­րա­ծած է` զինք հայ ա­նո­ւա­նե­լը որ­պէս վի­րա­ւո­րանք նկա­տե­լով:

Ան­գա­րա­յի քա­ղա­քա­պե­տը դի­մած էր դա­տա­րան` պնդե­լով, որ զինք «հայ» ա­նո­ւա­նե­լով` վի­րա­ւո­րած են: «­Ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ այդ­քան սի­րո­ւած, յարգուած մէ­կուն հան­դէպ գար­շանք պա­րու­նա­կող ի­մաս­տով օգ­տա­գոր­ծո­ւող նման բառ ը­սե­լը անձ­նա­կան վի­րա­ւո­րանք է եւ ա­նոր ձայն տո­ւած, ա­ջակ­ցած եւ սի­րած բո­լոր ան­ձե­րուն հան­դէպ` ա­նար­գանք»,-նշո­ւած է Մե­լիհ Կէոք­չէ­քի փաս­տա­բա­նի յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ: