-
Details
-
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան
-
Մինչ «Ակօս»ի հիմնադիր եւ գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատավարութիւնը կը շարունակուի, Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան դէմ Տինքի ընտանիքին ներկայացուցած հայցին հիման վրայ՝ թրքական ատեան մը պահանջած է ներքին գործոց նախարարութենէն, որ իր թերի ծառայութեան համար Տինքի ընտանիքին 100 հազար լիրա (մօտաւորա պէս 45.000 տոլար) վճարէ, իբրեւ վնասուց հատուցում։
Պոլսոյ թիւ 10 վարչական ատեանին այս որոշումին դէմ բողոքարկելու համար, ներքին գործոց նախարարութիւնը դիմած է Պետական Խորհուրդին, սակայն Խորհուրդը մերժած է նախարարութեան բողոքը եւ հաստատած վնասուց հատուցման վճիռը:
Նշենք, որ Երուանդ Տինք եւ Խոսրով Տինք՝ Հրանդ Տինքի սպանութեան հարցով՝ ներքին գործոց նախարարութեան մատուցած թերի ծառայութիւններուն դիմաց վնասուց հատուցում պահանջած էին: