Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

altԹուր­քիոյ Պո­լիս քա­ղա­քին մէջ բա­ցո­ւած է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առն­չո­ւող հե­ռա­գիր­նե­րու ցու­ցա­հան­դէս: Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը, սա­կայն, կը ներ­կա­յա­ցո­ւի որ­պէս տե­ղա­հա­նու­թիւն: «­Ցու­ցա­հան­դէ­սին ներ­կա­յա­ցո­ւած են Թուր­քիոյ կա­ռա­վա­րա­կան ար­խի­ւին մէջ պա­հո­ւող հե­ռա­գիր­նե­րը, ո­րոնց մի­ջո­ցով կը պատ­մո­ւի մարդ­կու­թեան պատ­մու­թեան ա­մե­նա­մեծ ող­բեր­գու­թիւն­նե­րէն մէ­կուն` 1915 թո­ւա­կա­նի հա­յե­րու «տե­ղա­հա­նու­թեան» մա­սին: Այս ցու­ցա­հան­դէ­սը կը վեր­հա­նէ փաս­տեր այն մա­սին, թէ ի՞նչ տե­ղի ու­նե­ցած է 1915ին, ո­րո՞նք ե­ղած են գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րը, ինչ­պի­սի՞ պայ­ման­նե­րու մէջ եւ ի՞նչ մի­ջոց­նե­րով ի կա­տար ա­ծո­ւած է: Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաղ­կա­ցած է 1915ի հա­յոց տե­ղա­հա­նու­թեան ժա­մա­նակ Թուր­քիոյ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար (­Նա­զիր) Թա­լէաթ փա­շա­յի օս­մա­նեան նա­հան­գա­պետ­նե­րուն ու­ղար­կած հրա­հանգ­նե­րէն եւ նա­հանգ­նե­րէն ստա­ցո­ւած պա­տաս­խան հե­ռա­գիր­նե­րէն»: Ցու­ցա­հան­դէ­սին կա­րե­լի է ա­ռա­ջին աղ­բիւ­րէն տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նալ 1915ի տե­ղա­հա­նու­թեան հրա­հան­գը տո­ւող­նե­րուն, հա­մա­պա­տաս­խան հրա­ման­նե­րուն, ա­տոնց ի­րա­գոր­ծող­նե­րուն մա­սին: Ցու­ցադ­րո­ւող հե­ռա­գիր­նե­րը ոչ-պա­կաս տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը նե­րա­ռեն նաեւ տե­ղա­հանուած հա­յե­րու թո­ղած ու­նե­ցո­ւած­քի տնօ­րին­ման, ինչ­պէս նաեւ` կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­ման­նե­րուն չեն­թար­կո­ւող­նե­րուն պա­տու­հա­սած դժբախ­տու­թիւն­նե­րուն մա­սին:

Թր­քա­կան ընդ­դի­մա­դիր կայ­քը կ’ընդգ­ծէ.- «­Ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուած է Ա­նա­տո­լիոյ հա­յե­րու ան­հետ ոչն­չաց­ման սկիզ­բը հան­դի­սա­ցող «տե­ղա­հա­նու­թեան» 100րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով: Ա­նի­կա նպա­տակ ու­նի հան­րու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լու պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւ­նը եւ խթա­նե­լու ընդ­հա­նուր յի­շո­ղու­թեան զար­գա­ցու­մը»: Ն­շենք, որ հե­ռա­գիր­նե­րու ցու­ցա­հան­դէ­սէն կա­րե­լի է նաեւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­նալ այն մա­սին, թէ իւ­րա­քան­չիւր նշեալ բնա­կա­վայ­րէ որ­քան հայ տե­ղա­հա­նո­ւած է 1915թ.: Ցու­ցա­հան­դէ­սը բա­ցո­ւած է Դեկ­տեմ­բեր 1-ին` Ս­թամ­պու­լի «DEPO» ցու­ցաս­րա­հին մէջ եւ պի­տի գոր­ծէ մին­չեւ տա­րո­ւան վեր­ջին օ­րը: