Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

«Անտիֆոնիթիս» յունական ամսաթերթը կը հաղորդէ, թէ թրքական կառավարութիւնը մզկիթի վերածեց Նիկիոյ մէջ գտնուող Այիա Սոֆիա  յունական ուղղափառ եկեղեցին, ...շարունակելով պետական քաղաքականութեան ծանօթ մօտեցումը, որ յունական եւ հայկական եկեղեցիներուն հանդէպ կը ցուցաբերուի:


Տուեալ եկեղեցին պատմական մեծ նշանակութիւն ունեցող վայր է, նկատի առնելով որ հոն գումարուեցաւ սուրբ սինոդի առաջին խորհրդաժողովը:
1331ին թուրքերու կողմէ գրաւուած Նիկիան, (որ Իզնիք կոչուեցաւ հետագային), շուտով կորսնցուց իր անցեալի հմայքը, երբ Պոլիսը դարձաւ Օս-մանեան կայսրութեան մայրաքաղաքը: Նախապէս որպէս թանգարան գործած յունական եկեղեցին այս ամիս բացաւ իր դռները, որպէս մզկիթ, ընդունելու համար Պայրամի տօնի իսլամ ուխտաւորները...