Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Պոլ­սոյ հա­մալ­սա­րա­նի ա­տամ­նա­բու­ժու­թեան բա­ժան­մուն­քի շրջա­նա­ւարտ 24ա­մեայ Ռու­տի Պո­յա­ճեան, Թուր­քիոյ մէջ ա­տամ­նա­բոյժ­նե­րու շրջա­նա­կէն ներս ի­րա­կա­նա­ցո­ւած քննու­թեան, գրա­ւած է ա­ռա­ջին տե­ղը: Հա­մալ­սա­րա­նը նոր ա­ւար­տած Պո­յա­ճեան, մաս­նակ­ցե­լով ա­տամ­նա­բոյժ­նե­րու մաս­նա­գի­տա­կան քննու­թեան, ստա­ցած է 108,5 միա­ւոր` դառ­նա­լով ա­ռա­ջի­նը քննու­թեան մաս­ նա­կից 2400 ա­տամ­նա­բոյժ­նե­րու մէջ:

Պո­յա­ճեան «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թի հետ զրոյ­ցին ը­սած է, որ կը ցան­կայ շա­րու­նա­կել կրթու­թիւ­նը` խո­րա­նա­լով գի­տու­թեան մէջ: Ըստ Պո­յա­ճեա­նի` ա­տամ­նա­բոյ­ժի մաս­նա­գի­տու­թեան մա­սին նախ չէ ալ մտա­ծած, սա­կայն հա­մալ­սա­րա­նի քննու­թիւն­նե­րը յանձ­նե­լէն ետք ընտ­րած է Պոլ­սոյ հա­մալ­սա­րա­նի ա­տամ­նա­բու­ժու­թեան բա­ժան­մուն­քը: