«Ընտրեցինք Ցեղասպանութեան յուշարձանի նկարը ու հայերէն տառերով գրեցինք՝ «Այլեւս Երբե՛ք»: Մենք կ՛ուզէինք, որ այդ ցաւին հետ կապուած բառ մը մնայ մարդոց յիշողութեան մէջ: Մարդկութեան համար՝ փոքր, բայց մեզի համար շա՜տ մեծ քայլ էր այդ նախադասութեան զետեղումը մեր թերթի առաջին էջին վրայ»,- ըսած է Ճան Տիւնտար, որուն թերթը «1915ի իրադարձութիւնները» կոչած էր Ցեղասպանութիւն: Խմբագիրը նաեւ ըսած է, որ բառը կը գրուի երբեմն չակերտներու մէջ, երբեմն՝ առանց անոնց, ըստ լրագրողի դիրքորոշման:
Տիւնտարի համաձայն՝ Հրանդ Տինքի բազմահազարանոց յուղարկաւորութիւնը ցոյց տուաւ, որ թուրք հասարակութիւնը պատրաստ է պատմութեան հետ առերեսուելու:
Թերթը, որուն անունը թարգմանաբար կը նշանակէ «Հանրապետութիւն», հիմնադրուած է գրեթէ Թուրքիոյ հանրապետութեան հետ: Այսօր թերթը ընդդիմադիր է, իսկ խմբագիրին խօսքով՝ «ազատ ու անկախ» է, ունի մօտաւորապէս 250 աշխատակից ու իրեն դէմ ուղղուած բազմաթիւ դատական հայցեր:
«Մեր կառավարութիւնը այնքա՛ն ալ յաջող չէ: Դժբախտաբար, քննադատութիւն կը մերժէ եւ ամէն քննադատութիւն կը համարէ իրեն ուղղուած սպառնալիք»,- ըսած է խմբագիրը, որուն թերթը վերջերս ուշադրութեան կիզակէտ դարձաւ՝ Իսլամական Պետութեան վերաբերող հրապարակումներուն համար: Արդարեւ, թերթը գրած էր, որ Թուրքիա նպաստած է Իսլամական Պետութեան կայացման գործին եւ զէնք վաճառած է անոր:
Թերթի խմբագրական կազմը իր մորթին վրայ զգացած է Իսլամական Պետութեան գործողութիւններուն հետեւանքները. ցարդ, անոր 4 թղթակիցները սպաննուած են այս կազմակերպութեան կողմէ։
Հայաստանէն Թուրքիա մեկնած լրագրողներու այցելութեան օրը, թերթի խմբագրութեան շէնքին շուրջ, ապահովութիւնը խստացուած էր: Հայ լրագրողներու այցելութիւնը Թուրքիա եւ անոնց հանդիպումը թուրք լրագրողներու հետ, կազմակերպուած էր Հրանդ Տինքի անուան հիմնադրամին կողմէ՝ «Հայ-թրքական երկխօսութեան ծրագիր»ի ծիրէն ներս:
Նշենք, որ Ճան Տիւնտար Հինգշաբթի՝ Նոյեմբեր 26ին ձերբակալուեցաւ։ Ան կրնայ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուիլ, եթէ ապացուցուի իրեն դէմ առաջադրուած մեղադրանքը՝ «պետական գաղտնիքներ հրապարակել, լրտեսել եւ ահաբեկչական գաղտնի կառոյցի մը անդամակցիլ»: