Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Նոր Օսմանականութեան սկի՞զբ

Թրքական եռալեզու (թրքերէն, արաբերէն, անգլերէն) «Ալ ախպար ալ աալամ» կայքը կը հաղորդէ, թէ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, Թուրքիոյ խորհրդարանը  կազմակերպեց ծանօթացման խորհրդաժողով մը, որուն ընթացքին նշեց օսմանցի սուլթաններէն՝ Ապտիւլ Մեժիտ Ա.-ի մահուան 150-ամեակը։


Այս Խորհրդաժողովին առիթով պատրաստուած հրաւէրները կը կրեն օսմանեան զինանշանը, որ յատուկ էր սուլթան Ապտիւլ Մեժիտ Ա.ին։ Այս երեւոյթները մինչեւ վերջերս լօզունքներ կը համարուէին Թուրքիոյ աշխարհիկ պետութեան դէմ։ Հրաւէրները ուղղուած են Թուրքիոյ խորհրդարանի բոլոր անդամներուն։
Սուլթան Ապտիւլ Մեժիտ Ա. ծնած է 1823-ին։ Իր հօր մահէն ետք, ան 17 տարեկանին ստանձնած է իշխանութիւնը։ Մահացած է 1861-ին։
Ահաւասիկ, ցայտուն օրինակ մը Թուրքիոյ քաղաքական կեանքի պարզած իրավիճակէն: Մէկ կողմէ «եւրոպականացում», իսկ միւս կողմէ՝ վերադարձ դէպի օսմանականութիւն...