Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­Թր­քա­կան «­Միլ­լի­յէթ» թեր­թը գրած է, թէ «Ա­կօս» թեր­թի հիմ­նա­դիր Հ­րանդ ­Տին­քի սպա­նու­թեան օ­րը եւ մին­չեւ իսկ սպա­նու­թեան պա­հը, ­Տին­քը սպան­նե­լու հրա­հան­գը գոր­ծադ­րած Օ­կիւն ­Սա­մաս­թի հե­տե­ւած են քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­գուս­տով վեց ոս­տի­կան­ներ:

Այդ ոս­տի­կան­նե­րէն վե­ցին ինք­նու­թիւ­նը հաս­տատուած է փո­ղոց­նե­րու եւ խա­նութ­նե­րու հսկո­ղու­թեան հա­մար տե­ղադ­րո­ւած տե­սախ­ցիկ­նե­րով: Ն­շենք, որ քա­նի մը օր ա­ռաջ յստա­կա­ցած է, թէ ­Պոլ­սոյ գլխա­ւոր դա­տա­խա­զու­թիւ­նը եւս նշած էր, որ ­Տին­քի սպա­նու­թեան պա­հուն, այդ տա­րած­քին մէջ ե­ղած են յա­տուկ ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տա­կից­ներ, ո­րոնք հե­տե­ւած են ­Տին­քի սպա­նու­թեան: