Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­Թուր­քիա կա­սե­ցու­ցած է երկ­կողմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ­Փա­րա­կո­ւէի հետ ու կը սպառ­նայ պոյ­քո­թի են­թար­կել նաեւ այդ երկ­րի հետ ա­ռեւ­տու­րը: Ըստ Agencia Prensa Armeniaի՝ թրքա­կան կող­մի նման դիր­քո­րո­շու­մը կա­պո­ւած է ­Հոկ­տեմ­բեր 29ին ­Փա­րա­կո­ւէի ­Ծե­րա­կոյ­տին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող օ­րի­ նա­գի­ծի ըն­դուն­ման հետ: Ար­ժան­թի­նի մէջ ­Թուր­քիոյ դես­պան ­Թա­ներ ­Գա­րա­գաս, որ կը ղե­կա­վա­րէ նաեւ ­Փա­րա­կո­ւէ­յի եւ Ու­րու­կո­ւա­յի մօտ թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րան­նե­րը, օ­րի­նագ­ծի առն­չու­թեամբ հան­դի­պած է ­Փա­րա­կո­ւէ­յի ­Ծե­րա­կոյ­տի ար­տա­քին եւ մի­ջազ­գա­յին հար­ցե­րով յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Վիկ­տոր ­Պո­կա­տո­յին` իր ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւնն ու ան­հանգս­տու­թիւ­նը յայտ­նե­լով այդ հար­ցին վե­րա­բե­րեալ: ­Հան­դի­պու­մէն ետք ­Պո­կա­տօ ման­րա­մաս­նած է, որ ­Գա­րա­գա­սին ա­ռանձ­նա­պէս ան­հանգս­տա­ցու­ցած է 20րդ ­դա­րաս­կիզ­բին տե­ղի ու­նե­ցած դէպ­քե­րը «­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» եզ­րով բնո­րո­շե­լը:

­Փա­րա­կո­ւէյ­ցի պաշ­տօ­նա­տա­րը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ յի­շե­ցու­ցած է, որ ­Ծե­րա­կոյ­տի կող­մէ ըն­դու­նո­ւած ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման բա­նա­ձե­ւը չի պար­տադ­րեր երկ­րի կա­ռա­վա­րու­թեան ըն­դու­նիլ զայն եւ ա­տոր հի­ման վրայ վա­րել ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: