Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­altՆո­յեմ­բեր 1ին տե­ղի ու­նե­ցած ­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ընտ­րո­ւած ե­րես­փո­խան­նե­րը ­Նո­յեմ­բեր 17ին ի­րենց եր­դու­մը տո­ւած են։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնո­ւած է նա­խա­գահ Էր­տո­ղան։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ա­ռըն­թեր, ըստ կա­նոն­նե­րու՝ Էր­տո­ղան կա­ռա­վա­րու­թիւն կազ­մե­լու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը ան­գամ մը

եւս յանձ­նած է Ահ­մէտ ­Տա­ւու­թօղ­լո­ւի, որ այս ան­գամ նոյն­քան պի­տի չդժուա­րա­նայ կա­ռա­վա­րու­թիւն մը հիմ­նե­լու։ Եր­դու­մի ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին պա­տա­հած է ան­սո­վոր մի­ջա­դէպ մը։ ­Քիւրտ ե­րես­փո­խա­նու­հի ­Լէյ­լա ­Զա­նա, նախ­քան իր եր­դու­մի պատ­ճէ­նը կար­դա­լը, Էր­տո­ղա­նին նա­յե­լով՝ քրտե­րէ­նով «պա­տո­ւա­ւոր եւ ե­ր­­կա­րա­տեւ խա­ղա­ղու­թիւ­ն» հաս­տա­տե­լու կոչ կա­տա­րած է, ա­պա սկսած կար­դա­լու եր­դու­մը, ուր գի­տակ­ցա­բար, «թուրք ժո­ղո­վուր­դը» ա­սու­թեան փո­խա­րէն՝ ար­տա­սա­նած է «­Թուր­քիոյ ժո­ղո­վուր­դը»։ Նիս­տին նա­խա­գա­հը ա­ռար­կած ու ը­սած է, որ եր­դու­մի պատ­ճէ­նը պէտք է կար­դա­ցո­ւի նոյ­նու­թեամբ, ուս­տի՝ ­Զա­նա­յի եր­դու­մը ա­նըն­դու­նե­լի է: Ան ­Զա­նան հրա­ւի­րած է կրկին ամ­պիոն գա­լու եւ եր­դու­մը կրկնե­լու՝ ճիշդ ձե­ւով, բայց վեր­ջինս մեր­ժած ու սրա­հէն դուրս ե­լած է։ Այժմ, ­Զա­նա­յի եր­դու­մը ան­վա­ւեր կը նկա­տո­ւի։ Ան կրնայ այլ նիս­տի մը ըն­թաց­քին եր­դում ը­նել, այ­լա­պէս՝ պի­տի կորսնցնէ ­Խորհր­դա­րա­նի նիս­տե­րուն մաս­նակ­ցե­լու, օ­րի­նա­գի­ծեր ա­ռա­ջար­կե­լու, քո­ւէար­կու­թեան մաս­նակ­ցե­լու նման օ­րէնսդ­րա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը, թէեւ պի­տի շա­րու­նա­կէ ստա­նալ ե­րես­փո­խա­նա­կան ամ­սա­թո­շակ։ Ն­շենք, որ ­Զա­նա եր­դու­մի ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին քրտե­րէն խօ­սած էր նաեւ 24 տա­րի ա­ռաջ, որ­մէ ետք իր դէմ սկսած հա­լա­ծան­քը զինք բանտ ա­ռաջ­նոր­դած է­ր: