Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (Կ.Խ.Մ.Կ.) հովանիին տակ վերադարձուած է հայ զինուորը, որ ընթացիկ տարուան Մարտ 22ին հատած էր ղարաբաղեան-ատրպէյճանական շփման գիծը:
«Արցախփրես»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին, Կ.Խ.Մ.Կ. Լեռնային Ղարաբաղի առաքելութեան տեղեկատուութեան բաժնի աշխատակից Էթերի Մուսայելեան նշած է, որ ռազմագերիին
վերադարձը տեղի ունեցած է շփման գիծին վրայ` Պաշ Քարվեանդ գիւղին մօտ:
«Ազատազրկման ընթացքում, Կ.Խ.Մ.Կ.ն պարբերաբար այցելել է ռազմագերուն` դիտարկելու կալանաւորման պայմանները, նրա հետ վերաբերմունքը եւ ապահովելու կապը ընտանիքի հետ: Գործելով որպէս չէզոք միջնորդ եւ իր մանդատի (լիազօրութիւններուն) համաձայն՝ Կ.Խ.Մ.Կ.ն աջակցել է այս գործողութեանը՝ հիմնուելով Ատրպէյճանի իշխանութիւնների վերադարձի որոշման վրայ եւ լիարժէք համագործակցելով բոլոր կողմերի հետ»,- ըսած է Է. Մուսայելեան եւ աւելցուցած, որ մինչեւ վերադարձը՝ ռազմագերին հաւաստիացուցած էր Կ.Խ.Մ.Կ.ի աշխատակիցներուն, թէ կը վերադառնայ իր յօժար կամքով:
Է. Մուսայելեանի խօսքով` հիմնուելով Ժընեւեան համաձայնագիրով սահմանուած իր լիազօրութեան վրայ` Կ.Խ.Մ.Կ.ն Ղարաբաղեան Հակամարտութեան հետ կապուած տարածաշրջանին մէջ կը գործէ 1992 թուականէն ի վեր: