Գիտաժողովը, որուն կը մասնակցին գիտնականներ ինչպէս Թուրքիայէն, այնպէս ալ արտասահմանէն, պիտի իրականացուի երեք լեզուով` հայերէն, թուրքերէն եւ անգլերէն:
Ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին այնպիսի թեմաներ, ինչպէս՝ 1914-1924 թուականներուն եւրոպական դրամագլուխը ներկայացնող ոչ-մահմետական առեւտրականները, 1915ին եւ անկէ ետք ոչ-մահմետականներու ունեցուածքի բռնագրաւման եւ բաժանման գործողութեանց քաղաքական, մշակութային եւ տնտեսական հետեւանքները, ոչ-մահմետականներու կողմէ հիմնադրուած առեւտրական ձեռնարկութիւններու պատմութիւնը, ոչ-մահմետական ձեռնարկատէրերու ստանձնած բարեգործական պարտաւորութիւնները՝ օսմանեան քաղաքներու նկատմամբ, Անատոլիայէն դէպի խոշոր քաղաքներ ձեռնարկատէրերու գաղթը, ոչ-մահմետական առեւտրականներու եւ կրօնական համայնքներու յարաբերութիւնները: