Տերսիմի Վանք գիւղի հայերու 1938 թուականի կոտորածներուն մասին վաւերագրական ժապաւէնի մը նկարահանումները սկսած են Թուրքիոյ մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր» կայքէջը, որ կը յայտնէ, թէ թրքական «Ozgur Gundem» թերթի կայքէջին վրայ տեղադրուած լրատուութեան համաձայն՝ վա ւերագրականը կը կոչուի «Վանքի երեխաները» եւ կը պատմէ Տերսիմի Վանք գիւղի հայերու ու անոնց վիճակուած դաժան ճակատագրին մասին։
Ժապաւէնը կ՚անդրադառնայ նաեւ գիւղին մերձակայ Հալվորի վանքին, որ թրքական բանակին կողմէ ռմբակոծուած եւ աւերուած է 1938ին: Ժաւաւէնի բեմադրիչը Նեզահաթ Գիւնդողանն է (նկարը): Ժապաւէնին մէջ ներկայացուած է նաեւ երեք տարբեր ազգերու և տարբեր կրօններու պատկանող երեք եղբայրներու պատմութիւնը: Եղբայրներէն ամէն մէկը ճակատագրի բերումով ապրած է տարբեր ինքնութիւններով՝ որպէս հայ, թուրք եւ քիւրտ: Անոնցմէ մէկը քրիստոնեայ է, միւսը՝ իսլամ, երրորդը՝ ալեւի:
Լրագրողներու հետ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ժապաւէնին բեմադրիչը նշած է, որ Վանք գիւղն ու դարերով այնտեղ բնակած Տերսիմի հայերու պատմութիւնը բացայայտած է պատահաբար, երբ «Տերսիմի կորսուած աղջիկները» լրագրական ծրագրի ընթացքին կը փնտռէր տերսիմցի կորսուած հայ աղջկայ մը ազգականները։
Գիւնդողան շեշտած է, որ հայերը Տերսիմի դարաւոր բնակիչները եղած են, սակայն այսօր այդ տարածքին մէջ քիչ են հայերը, գրեթէ չկան: Բոլորը հեռացած են, բնակութիւն հաստատած են Թուրքիոյ կամ աշխարհի տարբեր վայրեր, յատկապէս Գերմանիա եւ Ֆրանսա:
Ըստ բեմադրիչին՝ «Վանքի երեխաները» ժապաւէնին նպատակն է ցոյց տալ 1938 թուականին տեղի ունեցած ահաւոր դէպքերը եւ թրքական պետութեան վարած մարդասպան քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաև թրքական պետութեան ու հանրութեան ստիպել առերեսուելու անցեալին հետ: