Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուր­քիոյ Պիթ­լիս քա­ղա­քին մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան Կարմ­րակ Սուրբ Ն­շան ե­կե­ղե­ցին պի­տի վե­րա­նո­րո­գո­ւի ու պի­տի դառ­նայ Պիթ­լի­սի քա­ղա­քա­յին թան­գա­րան: Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ News.am՝ վկա­յա­կո­չե­լով Պիթ­լի­սի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը, Պիթ­լի­սի մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան Կարմ­րակ Ս. Ն­շան ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու գու­մա­րը ստա­նա­լու հա­մար, քա­ղա­քա­պե­տա­րա­ նը դի­մում կա­տա­րած էր «Ա­րե­ւե­լեան Ա­նա­տո­լիոյ Զար­գաց­ման Գոր­ծա­կա­լու­թեան» (DAKA), որ ար­դէն հաս­տա­տած է յատ­կա­ցու­մը:

Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­նո­րո­գու­մէն ետք ա­նի­կա պի­տի դառ­նայ Պիթ­լի­սի քա­ղա­քա­յին թան­գա­րան:

Ն­շենք, որ Պիթ­լի­սի Կարմը­րակ Սուրբ Ն­շան ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ թա­ղո­ւած է յայտ­նի հայ հայ­դու­կա­պետ Աղ­բիւր Սե­րո­բի գլու­խը: