Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ տա­րե­լի­ցին ա­ռի­թով, ա­մե­րի­կեան Ի­լի­նոյս նա­հան­գի Է­վընս­թըն քա­ղա­քի Հիւ­սիս-ա­րեւմ­տեան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ «Ժխ­տում եւ յի­շո­ղու­թիւն» թե­մա­յով հա­մա­ժո­ղո­վի ծի­րէն ներս, չորս տար­բեր հա­մալ­սա­րան­նե­րու փրո­ֆե­սոր­ներ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտման հար­ցի շուրջ քննար­կում կազ­մա­կեր­պած են: Այս

մա­սին կը հա­ղոր­դէ News.am՝ վկա­յա­կո­չե­լով The Daily Northwesternը:

Հա­մա­ժո­ղո­վին նա­խա­ձեռ­նո­ղը Ժա­մա­նա­կա­կից թրքա­կան հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու հիմ­նար­կի փրոֆե­սոր Ի­փէք Եօս­մաօղ­լուն է: «Բըռ­նու­թեան ժխտու­մը շատ ա­ւե­լի լուրջ բան է: Ա­մէ­նէն սար­սա­փե­լին ոչ թէ տա­ռա­պանքն է, այլ այդ յի­շո­ղու­թեան ոչն­չա­ցու­մը»,- նշած է թուրք փրո­ֆե­սո­րը:

Աւստ­րիա­կան Կ­րաց քա­ղա­քի հա­մալ­սա­րա­նի փրո­ֆե­սոր Քե­րեմ Օք­թեմն ալ բարձ­րա­ցու­ցած է յի­շո­ղու­թեան հա­մե­մա­տու­թեան եւ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման, ինչ­պէս նաեւ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտման առն­չուող հար­ցե­րը: «Ժխտ­ման կողմ­նա­կից­նե­րը կը զրկո­ւին հիմ­քե­րէ»,- ընդգ­ծած է Քե­րեմ Օք­թեմ:

Քն­նարկ­ման ներ­կայ գտնո­ւած Է­ւընս­թը­նի բնակ­չու­հի Պար­պա­րա Լիոնս իր հեր­թին նշած է, որ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ոչն­չա­ցու­մը ցնցած է զինք: «Ա­նոնք ոչ միայն ա­զա­տո­ւե­ցան հա­յե­րէն: Ա­նոնք կը ցան­կա­նա­յին ա­զա­տո­ւիլ նաեւ ա­նոնց` այն­տեղ գտնո­ւե­լու մա­սին յի­շո­ղու­թե­նէն»,- ա­ւել­ցու­ցած է Պար­պա­րա Լիոնս: