Զարաքօլուի դատավարութիւնը հազիւ տարիէ մը պիտի սկսի, իսկ իր առողջութիւնը յարմար չէ այսքան երկար ժամանակ բանտային պայմաններու մէջ մնալու համար
Ինչպէս գիտեն մեր ընթերցողները, քրտական «ՔՃՔ» (Քիւրտիստանի Հաւաքականութիւններու Միութիւն) կազմակերպութեան անդամներուն դէմ կատարուած գործողութիւններու շրջագծէն ներս, Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած է Պէլկէ հրատարակչատան սեփականատէր եւ յառաջապահ մտաւորական Ռակըպ Զարաքօլու:
Իր ձերբակալութեան լուրը ահազանգ հնչեցուց մարդոց իրաւունքներու պաշտպան կազմակերպութիւններուն մօտ, ինչպէս եւ յունական-պոնտական կազմակերպութիւններու մօտ:
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Զարաքօլուի ի նպաստ զօրակցական արշաւ մը ծաւալեց, որ ընթացքի մէջ կը շարունակէ ըլլալ:
Երկու միջազգային կազմակերպութիւններ եւս՝ ԻՓԱ (Հրատարակիչներու Միջազգային Միութիւն) եւ ՓԷՆ (Գրողներու միջազգային միութիւն) հաղորդագրութիւններ հրապարակած են, պաշտպանելով Զարաքօլուն: Յատկապէս ԻՓԱ դիտել տուած է թէ՝ Զարաքօլու արժանի է ոչ թէ բանտարկութեան, այլ Նոպէլեան մրցանակի: Հաղորդագրութիւնը կը շարունակէ, դիտել տալով թէ անիրաւութիւն է ձերբակալել անձ մը, որ Թուրքիոյ մէջ ազատ հրատարակութեան ախոյեանը հանդիսացած է: Անոր դատավարութիւնը հազիւ տարիէ մը պիտի սկսի, իսկ իր առողջութիւնը յարմար չէ այսքան երկար ժամանակ բանտային պայմաններու մէջ մնալու համար:

«Զարաքօլուն պէտք է անմիջապէս ազատ արձակուի» կը պահանջեն ասորի մտաւորականները
Սթոքհոլմի մէջ խումբ մը ասորի մտաւորականներ յայտարարութիւն մը տարածած են Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Հայ դատի պաշտպան Զարաքօլուի մասին: «Էվրենսել» օրաթերթը կը հաղորդէ, թէ յայտարարութեան տակ դրուած է նաեւ Թուրքիոյ մէջ գործող Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ, Մարտինի պատգամաւոր Էրոլ Դորայի ստորագրութիւնը: Այլ ստորագրութիւններու շարքին են Շուէտի խորհրդարանի պատգամաւոր Եըլմազ Քերիմոն, Հոլանտայի բանուորական կուսակցութեան պատգամաւոր Աթթիյա Գամրին եւ բազմաթիւ մտաւորականներ:
« Թուրքիա մեծ բանտի մը վերածուած է»
Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս գրուած է. «Կը դատապարտենք բոլոր գիտնականներու, մտաւորականներու, գրողների, լրագրողներու եւ քաղաքական գործիչներու ձերբակալութիւնները եւ կը պահանջենք Ռակըպ Զարաքօլուի եւ փրոֆ. Պուշրա Էրսանլըի ազատ արձակումը: Վերջին տարիներուն կը կիրառուի քիւրտ քաղաքական գործիչները, սոցիալիստները եւ լրագրողները լռեցնելու քաղաքականութիւն: Այս ձերբակալութիւններով յայտնի է թէ արդէն նշանառութեան տակ է նաեւ մտաւորականութիւնը: Թուրքիան վերածուած է բացօթեայ կալանատան, ուր բանտարկուած են լրագրողները, գիտնականները, գրողները եւ քաղաքական գործիչները»: