Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

altՆո­յեմ­բե­րի 1ին Թուր­քիոյ մէջ կա­յա­ցած ար­տա­հերթ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտրւ­թիւն­նե­րուն մաս­նակ­ցած են նաեւ մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­ներ: «Evrensel.net»ի տե­ղե­կաց­մամբ՝ դի­տորդ­նե­րու շար­քին ե­ղած է նաեւ Եւ­րո­պա­յի Հայ­կա­կան Դաշ­նու­թեան կող­մէ ու­ղար­կո­ւած ե­րեք հո­գի­նոց պա­տո­ւի­րա­կու­թիւն մը: Թուր­քիոյ քրտա­մէտ ընդ­դի­մա­դիր Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցութ­եան (Ժ.Ժ.Կ.-HDP) հրա­ւէ­րով՝ մի­ջազ­գա­յին դի­տորդ­նե­րը Ժ.Ժ.Կ.ի նա­հան­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան շէն­քին մէջ հա­ւա­քո­ւած են եւ հան­րա­յին կար­ծի­քին ներ­կա­յա­ցու­ցած են ի­րենց դի­տար­կում­նե­րը:

Հայ դի­տորդ­նե­րը պատ­մած են, որ ի­րենք շրջած են Պոլ­սոյ Է­սեն­յուրթ թա­ղա­մա­սի 10 դպրոց­նե­րը, ուր ընտ­րու­թիւն­ներ տե­ղի ու­նե­ցած են: Է­սեն­յուր­թի Իպ­րա­հիմ Օ­զայ­տըն տար­րա­կան դպրո­ցին մէջ, ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը շուրջ 45 րո­պէ ա­նոնց թոյլ չէ տուած ներս մտնե­լու, ստու­գած է ա­նոնց անձ­նագ­րե­րը, իսկ ոս­տի­կան­նե­րէն մէ­կը հար­ցու­ցած է.-«աս հա­յե­րը այս­տեղ ի՞նչ գործ ու­նին»:

Նոյն վե­րա­բեր­մուն­քին են հայ դի­տորդ­նե­րը ար­ժա­նա­ցած նաեւ «18րդ դար»ի դպրո­ցին մէջ: Դի­տորդ­նե­րուն շրջա­պա­տած ոս­տի­կան­նե­րը կրկին ստու­գած են ա­նոնց փաս­տա­թուղ­թե­րը, իսկ երբ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րը ներ­կա­յա­ցած են, ոս­տի­կան­նե­րը ը­սած են.- «­Հա, հա, հասկ­ցայ՝ հայ էք, հայ»:

Դի­տորդ­նե­րը նշած են, որ նման վե­րա­բեր­մուն­քը պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած է այն հան­գա­ման­քով, որ Թուր­քիոյ մէջ օ­տա­րազ­գի դի­տորդ­նե­րու ի­րա­ւունք­ներն օ­րէն­քով յստա­կօ­րէն ամ­րագ­րո­ւած չեն: Դի­տորդ­նե­րը պատ­մած են նաեւ, որ ո­րոշ դպրոց­նե­րու մէջ հան­դի­պած են իշ­խող Ար­դա­րութիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցութեան (Ա.Բ.Կ.-AKP) կրծքան­շան­նե­րը կրող մար­դոց, ո­րոնք յա­ճա­խա­կի մի­ջամ­տած են քա­ղա­քա­ցի­նե­րու քուէար­կու­մին: Իսկ տա­րեց եւ հի­ւանդ քիւրտ ընտ­րող­նե­րը, ըստ դի­տորդ­նե­րուն, հա­մա­պա­տաս­խան օգ­նու­թիւն չեն ստա­ցած ընտ­րա­տե­ղա­մա­սե­րու աշ­խա­տա­կից­նե­րուն կող­մէ:

Ի­րենց դի­տար­կում­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցած են նաեւ Ֆ­րան­սա­յի, Սեր­պիա­յի, Հուն­գա­րիա­յի դի­տոր­դա­կան պա­տո­ւի­րա­կութիւն­նե­րը, ո­րոնք եւս ոս­տի­կան­նե­րու կող­մէ ճնշման եւ ստու­գում­նե­րու են­թար­կո­ւած են: Իսկ Թուր­քիա մեկ­նած Յու­նաս­տա­նի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­ներ ձեր­բա­կա­լո­ւած եւ ար­տաք­սո­ւած են Թուր­քիա­յէն: