Երէկ հակակառավարական կարգախօսներ բացագանչող հազարաւոր ցուցարարներ հաւաքուեցան Անգարայի մէջ Շաբաթ օր տեղի ունեցած ականահարման վայրին մէջ` սգալով զոհերը:
Շաբաթ օր երկու անձեր անձնասպանական գործողութիւն մը կատարեցին քրտամէտ եւ ձախակողմեան գործիչներու` Անգարայի գնացքի գլխաւոր կայարանին մօտ, Ք.Ա.Կ.ի եւ Թուրքիոյ բա
նակին միջեւ բախումներուն դէմ բողոքի ցոյցի մը դէմ:
Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը, որուն համակիրները Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններէն երեք շաբաթ առաջ տեղի ունեցած ցոյցին մէջ տիրական ներկայութիւն էին, յայտնեց, որ ոստիկանութիւնը յարձակում գործած է իր ղեկավարներուն ու անդամներուն դէմ, երբ անոնք փորձած են դէպքին վայրը ծաղկեպսակներ զետեղել: Արձանագրուած են վիրաւորներ:
Քրտամէտ կուսակցութիւնը նաեւ նշեց, որ Շաբաթ օրուան ականահարման զոհերուն թիւը բարձրացած է 122ի: Թուրքիոյ կառավարութիւնը հերքեց դէպքին որեւէ մեղսակցութիւն: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ յանցագործը կրնայ ՏԱՀԵՇը, Ք.Ա.Կ.ը կամ ծայրայեղ ձախակողմեան արմատականներ ըլլալ: Թրքական ապահովական մարմիններէն պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ ըստ նախնական տուեալներու, ականահարումը ՏԱՀԵՇի գործն է: «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը նշէ, որ ոմանք ակնարկած են, որ դէպքին պատասխանատուները կրնան քիւրտերու յաւելեալ իրաւունքներու պարգեւման ընդդիմացող ազգայնականներ ըլլալ: Տաւութօղլու երկրին մէջ եռօրեայ սուգ յայտարարեց: