Եւրոպայի Խորհուրդը (Ե.Խ.) Հոկտեմբեր 7ին յայտարարեց, թէ վերջ կու տայ Մարդկային Իրաւանց հարցերով Ատրպէյճանի հետ իր գործակցութեան: Պատճառն է այդ երկրին մէջ Հիմնական Իրաւունքներու իրավիճակին կտրուկ վատթարացումը: Եւրոպայի Խորհուրդի ընդհ. քարտուղար Թորպէօրն Եակլանտ, յատուկ այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեամբ մը, կը յայտնէ, թէ իր գլխաւորած կազմակերպութեան Նախարարներու Խորհուրդին տեղեկացուցած է Ե.Խ.ի քաշուելու որոշումը աշխատանքի այն խումբէն, որուն առաքելութիւնն էր Մարդկային Իրաւանց բնագաւառէն ներս Պաքուի հետ երկխօսութեան բարելաւումը: Խնդրոյ առարկայ աշխատանքի խումբը կը բաղկանար Մարդկային Իրաւանց պաշտպան 18 գործիչներէ, խորհրդարանի եւ կառավարութեան անդամներէ եւ Եւրոպայի Խորհուրդի ներկայացուցիչներէ: Այս խումբը բաւական թոյլ աշխատանք կը տանէր:
Մինչ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ Հիմնական Իրաւունքներու բռնաբարման լուրերը իրարու կը յաջորդեն, նախագահ Ալիեւ կը հերքէ բոլոր ամբաստանութիւնները: Իսկ իր կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ այդ բոլոր քննադատութիւնները պարզապէս իրենց երկիրը անուանարկելու նպատակ կը հետապնդեն: