Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Շիշ­լիի Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի Ս. Յա­կոբ Հի­ւան­դա­նո­ցի Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը դա­տա­կան յաղ­թա­նակ մը տա­րած է Պոլ­սոյ քա­ղա­քա­պե­տու­թեան դէմ՝ պա­հան­ջե­լով, որ վճա­րո­ւի Շիշ­լիի ա­մէ­նէն բա­նուկ հրա­պա­րա­կին վրայ 45 տա­րի ա­ռաջ ա­պա­սե­փա­կա­նա­ցո­ւած 4 հա­զար 474 մեթր քա­ռա­կու­սի հո­ղա­մա­սին փո­խար­ժէ­քը։ Այս հո­ղա­մա­սը կը գտնո­ւէր գե­րեզ­մա­նա­տան շրջա­նա­կին մէջ։ Դա­տա­րա­նը վեր­ջա­պէս վճռած է Հայ Կա­թո­ղի­կէ հա­մայն­քի ի նպաստ ու ո­րո­շած է, որ Պոլ­սոյ Մայր Քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քին վճա­րէ 111 մի­լիոն 850 հա­զար լի­րա (37 մի­լիոն տո­լար) ու այս գու­մա­րին եր­կու տա­րո­ւան տո­կո­սը։

Պատ­մու­թիւ­նը կ­՚եր­թայ մին­չեւ 1971։ Այդ թո­ւա­կա­նին քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը սե­փա­կա­նա­ցու­ցած ու գրա­ւած էր 4 հա­զար 474 մեթր քա­ռա­կու­սի տա­րա­ծու­թեամբ հո­ղա­մա­սը, ո­րուն վրայ կա­ռու­ցո­ւե­ցան ա­ռեւտ­րա­կան կեդ­րոն­ներ ու մեթ­րո­պիւս գա­ցող ստո­րեկ­րեայ ճամ­բա­ներ (Այն հո­ղա­մա­սը, ուր հի­մա Ճէ­վա­հիր ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րո­նը կայ)։ Մայր Քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը, այս հո­ղա­մա­սը գրա­ւե­լով հան­դերձ, ա­նոր փո­խար­ժէ­քը չէր վճա­րած։ Հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը դատ բա­ցած էր այս բռնագ­րա­ւու­մին դէմ։ Դա­տա­րա­նը եր­կու տա­րի ա­ռաջ ո­րո­շեց, որ բռնագրա­ւո­ւած հո­ղա­մա­սը թա­փո­ւի (կա­լո­ւա­ծա­գիր) մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւի Ս. Յա­կոբ Հի­ւան­դա­նո­ցի ա­նո­ւան։ Բայց ո­րով­հե­տեւ հոն կա­ռու­ցո­ւած շի­նու­թիւն­նե­րու հե­տե­ւան­քով կա­րե­լի պի­տի չըլ­լար հո­ղա­մա­սը վե­րա­դարձ­նել, հո­գա­բար­ձու­թիւ­նը պա­հան­ջած էր հո­ղա­մա­սին փո­խար­ժէ­քը։ Դա­տա­րա­նը ըն­դու­նեց դի­մու­մը ու ո­րո­շեց, որ Մայր Քա­ղա­քա­պե­տու­թիւ­նը վճա­րէ վե­րո­յի­շեալ գու­մա­րը։ Ո­րո­շու­մը հի­մա պի­տի եր­թայ Վճ­ռա­բեկ Ա­տեան եւ, ե­թէ հոն­կէ ալ վա­ւե­րա­ցո­ւի, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­մայն­քը պէտք է ստա­նայ այս պատ­կա­ռե­լի գու­մա­րը։