Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­­«­­Ժա­մը» լրա­տուա­կա­նը կը հա­ղոր­դէ, որ Ատր­պէյ­ճա­նի զինեալ ու­ժե­րու տրա­մադ­րու­թեան տակ գտնո­ւող ա­մէ­նէն հե­ռա­հար հրթի­ռա­յին հա­մա­կարգն է ռու­սա­կան «­­Տոչ­կա-Ու»ն, որ կրնայ հա­րո­ւա­ծել մին­չեւ 120 քլմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ, յա­ջորդ հե­ռա­հար հրթի­ռա­յին հա­մա­կարգն է «Ս­մերչ» հա­մա­կար­գը, որ կրնայ հա­րո­ւա­ծել մին­չեւ 70 քլմ. հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ թի­րախ­ներ։ ­­Նա­խի­ջե­ւա­նէն հա­րո­ւած­նե­րու պա­րա­գա­յին Ատր­պէյ­ճան կրնայ օգ­տա­գոր­ծել իս­րա­յէ­լեան եւ թրքա­կան ար­տադ­րու­թեամբ այլ հրթի­ռա­յին հա­մա­կարգ­ներ, ո­րոնք ա­մէ­նէն շատ կրնան վնա­սել ­­Հա­յաս­տա­նի Ա­ րա­րա­տեան դաշ­տա­վայ­րը։
­­Հայ­կա­կան բա­նա­կի զի­նա­նո­ցին մէջ բա­ցի «­­Տոչ­կա-Ու», «­­Թայ­ֆուն» եւ «Ս­մերչ» հա­մա­կար­գե­րէն, գո­յու­թիւն ու­նին «Ռ-17 Ս­քատ» եւ «Իս­քան­տեր» ար­տաձ­գա­յին հրթիռ­ներ, ո­րոնք կրնան ճշգրիտ հա­րո­ւած­ներ հասց­նել 300 քլմ­.էն ա­ւե­լի հե­ռա­ւո­րու­թեան վրայ գտնո­ւող թի­րախ­նե­րու։ Այս վեր­ջին հա­մա­կար­գերն են, որ կ­­՚ա­հա­բե­կեն Ատր­պէյ­ճա­նի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը, ո­րով­հե­տեւ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ պա­տե­րազ­մի պա­րա­գա­յին հայ­կա­կան մի­ջին հա­սո­ղու­թեան «­­Տոչ­կա-Ու», «­­Թայ­ֆուն» եւ «Ս­մերչ» հրթի­ռա­յին հա­մա­կար­գե­րը կրնան խո­ցել շփման գի­ծէն ոչ-հե­ռու գտնո­ւող Ատր­պէյ­ճա­նի երկ­րորդ մե­ծա­գոյն եւ մէկ մի­լիոն բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող ­­Գան­ձակ քա­ղա­քը եւ յա­րա­կից բնա­կա­վայ­րե­րը, իսկ ար­տաձ­գա­յին հրթիռ­նե­րը՝ ­­Պա­քուն եւ ­­Կաս­պեան քա­րիւ­ղի նաւ­թա­հո­րե­րը։ Հայ­կա­կան զի­նո­ւած ու­ժե­րուն մօտ գտնո­ւող հրթիռ­նե­րը քա­նի մը վայր­կեա­նի ըն­թաց­քին կրնան քան­դել Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քին գտնո­ւող ո­րե­ւէ են­թա­կա­ռոյց։ Այս հան­գա­ման­քը կը խան­գա­րէ Ա­լիե­ւի վար­չա­կար­գը, յատ­կա­պէս երբ բնակ­չու­թիւ­նը կը սկսի չվստա­հիլ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեանն ու բա­նա­կին։ Ատր­պէյ­ճան­ցի լրագ­րող ­­Մէօվ­սուն ­­Հա­ճիեւ ­­Պա­քուի քա­րոզ­չա­մե­քե­նա­յի մա­սին եր­կա­րա­շունչ յօ­դո­ւած մը գրե­լով բա­ցա­յայ­տած է, որ ո՛չ Ատր­պէյ­ճա­նի իշ­խա­նու­թիւ­նը, ո՛չ ալ բա­նա­կը պատ­րաստ են նոր պա­տե­րազ­մի։ ­­Հա­ճիեւ կը գրէ.- «­­Ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րու վերսկսու­մը կրնայ վերջ տալ ատրպէյ­ճա­նա­կան քա­րիւ­ղի ա­ռեւ­տու­րին։ ­­Հա­յե­րու գնդա­կո­ծու­թեան տակ կրնայ յայտ­նո­ւիլ սրբու­թեան սրբո­ցը՝ ­­Պա­քու-­­Թիֆ­լիս-­­Ճէյ­հան քա­րիւ­ղի խո­ղո­վա­կա­շա­րը։ ­­Նոյ­նիսկ ­­Ղա­րա­բա­ղի վերջ­նա­կան կո­րուս­տը Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­կայ վար­չա­կազ­մի հա­մար նո­ւազ սար­սա­փե­լի է, քան թա­լա­նո­ւած նաւ­թա­տո­լար­նե­րու հոս­քի նո­ւա­զու­մը»։