Ահմեդ Հաքան կոտրուածքներով տեղափոխուած է հիւանդանոց, սակայն կեանքին վտանգ չի սպառնար:
Աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ յարձակումը իրականացուցած 4 անձերն ալ ձերբակալուած են: Ոստիկանները կ՛ուսումնասիրեն յարձակում իրականացնողներուն կապը հնարաւոր պատուիրատուներու հետ, քանի որ վերջին շրջանին Ահմետ Հաքան լարուած բանավէճերու մէջ եղած է իշխանութեանց ներկայացուցիչներուն հետ:
Նշենք, որ Ահմետ Հաքան յայտնի է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապացուցող իր 7 կէտանոց տեսութեամբ: Թուրք լրագրողը 7 կէտով ապացուցած է, որ ցեղասպանութիւն գործուած է հայութեան դէմ: