Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­Թր­քա­կան «Ե­նի Շա­ֆաք» օ­րա­թեր­թի կայ­քը կը հա­ղոր­դէ, որ Ան­գա­րա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցող ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին քրտա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է իր նա­խընտ­րա­կան ծրա­գի­րը: Կու­սակ­ցու­թեան հա­մա­նա­խա­գահ­ներ Սե­լա­հաթ­թին Տե­միր­թա­շի եւ Ֆի­կեն Եիւք­սեք­տա­ղի կող­մէ ներ­կա­յա­ցո­ւած նա­խընտ­րա­կան ծրա­գի­րին մէջ կը նշուի, որ ընտ­րո­ւե­լու պա­րա­գա­յին կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը պատ­րաս­տո­ւի ճանչ­նա­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը: Այդ կէ­տը ըն­դու­նո­ւած է ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով: «­Կու­սակ­ցու­թիւ­նը պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին տար­բեր ազ­գե­րու դէմ գոր­ծո­ւած ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րու եւ կո­տո­րած­նե­րու հա­մար պե­տու­թեան ա­նու­նով նե­րում հայ­ցե­լու հա­մար աշ­խա­տանք պի­տի տա­նի»,- ը­սած է Եիւք­սեք­տաղ, ին­չին սրա­հին մէջ ներ­կա­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ար­ձա­գան­գած են: Քիւրտ գոր­ծի­չը նշած է, որ ընտ­րո­ւե­լու պա­րա­գա­յին ի­րենք պի­տի վերցնեն Հա­յաս­տա­նի տնտե­սա­կան շրջա­փա­կու­մը եւ պի­տի զար­գաց­նեն տնտե­սա­կան, քա­ղա­քա­կան ու դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­ռանց նա­խա­պայ­ման­նե­րու պի­տի բա­նան Հա­յաս­տան – Թուր­քիա սահ­մա­նը: «­Հա­յե­րուն հետ բա­րե­կա­մու­թեան կա­մուրջ­ներ պի­տի կա­ռու­ցենք»,- ը­սած է ան: