Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

altMonte Melkonyan Cyber Army հայ­կա­կան կայ­քա­հէ­նա­կան խում­բը, Սեպ­տեմ­բեր 27ին, յար­ձա­կում գոր­ծած է ա­տր­պէյ­ճա­նա­կան պե­տա­կան տաս­նեակ մը կայ­քէ­ջե­րու վրայ: Հա­մա­ցան­ցի վրայ, ի շարս այ­լոց, հրա­պա­րա­կած է Ա­տր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­կարգ Ի­րա­վի­ճակ­նե­րու նա­խա­րա­րու­թեան փաս­տա­թուղ­թե­րուն մէկ մա­սը:

Յայտ­նա­պէս, այս յար­ձակ­ման պատ­ճառ դար­ձած է ա­տր­պէյ­ճա­նա­կան բա­նա­կի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն աշ­խու­ժա­ցու­մը սահ­մա­նին վրայ եւ հայ­կա­կան խա­ղաղ գիւ­ղե­րու գնդա­կո­ծու­մը: Ար­դա­րեւ, հայ­կա­կան կայ­քա­հէ­նա­կան խում­բը իր հրա­պա­րա­կած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ կ­՚ը­սէ, որ ա­տի­կա միայն փաս­տա­թուղ­թե­րու մէկ մասն է եւ ի­րենք մտա­դիր են շա­րու­նա­կե­լու տո­ւեալ­նե­րու հրա­պա­րա­կու­մը, ե­թէ ատըր­պէյ­ճա­նա­կան կող­մը չդա­դրեց­նէ գրոհ­նե­րը հայ­կա­կան բնա­կա­վայ­րե­րուն վրայ:
«Ա­սի­կա վեր­ջին նա­խազ­գու­շա­ցումն է, ե­թէ յար­ձա­կում կա­տա­րո­ւի Հա­յաս­տա­նի դէմ, մենք ցոյց կու տանք նա­խա­րա­րու­թեան այլ փաս­տա­թուղ­թեր ալ։ Հա­յաս­տա­նի վրայ յար­ձա­կե­լէ ա­ռաջ 10 ան­գամ մտա­ծէ»,- գրած են հայ կայ­քա­հէն­նե­րը ի­րենց յար­ձա­կած կայ­քէ­ջե­րուն պաս­տառ­նե­րուն վրայ: