Սեպտեմբեր 28ին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ տարածուած տեղեկութիւնը առ այն, թէ իբր ղարաբաղա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ տեղի ունեցած հերթական առճակատման արդիւնքով ատրպէյճանական կողմը տուած է 3, իսկ հայկական կողմը` 7 կորուստ, ոչ միայն չէր
համապատասխաներ իրականութեան, այլեւ իր սովորութեան համաձայն, պաշտօնական Պաքուն փորձած է սեփական կորուստներու իրական թիւը վերագրել ղարաբաղեան կողմին. կը տեղեկացնէ Լ.Ղ.Հ. Պ.Ն. մամուլի ծառայութիւնը:
Ինչպէս յայտնի դարձած է պաշտպանութեան բանակի համապատասխան ծառայութիւններու կողմէ ձեռքբերուած տուեալներէն, բացի արդէն երէկ յայտարարուած զոհերէն, ատրպէյճանական բանակը Սեպտեմբեր 28-ին ունեցած է եւս 6 կորուստ` Շահիեար Ալի օղլու Ույատով /զօրակոչուած է 13.01.2015/, Էյուպ Ապտուլլա օղլու Ռամազանով /զօրակոչուած է 28.04.2015/, Նիջաթ Մեհման օղլու Եարաեւ /զօրակոչուած է 08.12.2014/, Ահմետ Ջիւանշիր օղլու Էյուպով /զօրակոչուած է 08.12.2014 /, Էլուին Մուշրու օղլու Եուսուֆով /զօրակոչուած է 15.12.2014/ եւ Սամիր Սապիր օղլու Ահմետով /զօրակոչուած է 18.07.2014/:
Կատարուածը ցոյց կու տայ, որ Ատրպէյճանի պաշտպանական գերատեսչութիւնը կը շարունակէ թաքցնել իր իրական կորուստները` սեփական հանրութեան մոլորութեան մէջ պահելու եւ ընտրած յանցաւոր մարտավարութեան անյաջողութիւնները քօղարկելու նպատակով:
Հակառակ վերոնշուած կորուստներու փաստին, հակառակորդը Սեպտեմբեր 28ին եւ լոյս 29ի գիշերը շարունակած է բուռն կերպով խախտել հրադադարը:
Նշուած ժամանակահատուածին հակառակորդին կողմէ հրադադարը խախտուած է շուրջ 110 անգամ, որուն ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, ինչպէս նաեւ 60 /76 արկ/, 82 /31 արկ/, եւ 120մմ /5 արկ/ ականանետներէ ու ՀԱՆ-17 /15 արկ/ տիպի նռնականետերէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 1600 կրակոց:
Վերոնշուած զինատեսակներէն բացի հայկական դիրքերու ուղղութեամբ հակառակորդը կիրառած է նաեւ TR-107 տիպի հրթիռահրետանային կայանք /11արկ/:
ՊԲ յառաջապահ զօրամասերը վստահօրէն կ՛իրականացնեն իրենց առջեւ դրուած մարտական խնդիրը եւ անհրաժեշտութեան պարագային կը դիմեն պատժիչ գործողութիւններու: