«Տեմոքրաթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը մերժած է պոլսահայ մտաւորական, լեզուաբան Սեւան Նշանեանը Ազատական Ժողովրդավարական կուսակցութեան կողմէ խորհըրդարանական ընտրութիւններուն իբրեւ թեկնածու առաջադրելու դիմումը` անոր դատուած ըլլալուն պատճառով:
Նշենք, որ Նշանեանի թեկնածութիւնը պաշտօնապէս առաջադրուած էր 17 Սեպտեմբերին եւ ան կուսակցութեան ցուցակին մէջ կը գրաւէր առաջին դիրքը: Յունուար 2014էն ի վեր 11 տարի ժամկէտով բանտարկուած Սեւան Նշանեան ձերբակալուած է օրէնքով իրեն պատկանող տարածքին մէջ «ապօրինի» շինարարութիւն կատարելուն համար: