Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

altԹր­քա­կան այս­պէս կո­չո­ւած «­Հայ­կա­կան ան­հիմն պնդում­նե­րու դէմ միա­ւո­րում» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ար­շաւ սկսած է Թուզ­լու­ջա­յի մէջ փակ­ցո­ւած հա­յա­տառ գրու­թեամբ ցու­ցա­նա­կը հա­նե­լու հա­մար, ermenihaber.amի փո­խանց­մամբ` կը յայտ­նէ թրքա­կան «­Սոն­դա­քի­քա» լրա­տո­ւա­կան կայ­քը: Կազ­մա­ կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Գէոք­սէք Կիւլ­պէյ պա­հան­ջած է հե­ռաց­նել Թուր­քիոյ Իգ­դիր նա­հան­գի հա­մա­նուն գա­ւա­ռի կեդ­րոն հան­դի­սա­ցող Թուզ­լու­ջա (պատմ. Կողբ) քա­ղա­քի մուտ­քին ու ել­քին փակ­ցո­ւած ցու­ցա­նակ­նե­րու հա­յա­տառ գրու­թիւ­նը` պնդե­լով, թէ իբր 1915-20 թո­ւա­կան­նե­րուն Թուզ­լու­ջա­յի մէջ հա­յե­րու կող­մէ մահ­մե­տա­կան­ներ սպան­նո­ւած են, ուս­տի հա­յա­տառ գրու­թիւ­նը նպա­տա­կա­յար­մար չէ: Կիւլ­պէյ յայ­տա­րա­րած է, որ ի­րենք կը պատ­րաս­տո­ւին պայ­քա­րը տե­ղա­փո­խել ի­րա­ւա­կան դաշտ եւ այս հար­ցով պի­տի դի­մեն կա­ռա­վա­րու­թիւն ու Իգ­դի­րի նա­հան­գա­պե­տա­րան:

Ն­շենք, որ օ­րերս Թուզ­լու­ջա քա­ղա­քի մուտ­քին ու ել­քին թրքե­րէն, քրտե­րէն, հա­յե­րէն ու անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րով «­Բա­րի ե­կաք» եւ «Ց­տե­սու­թիւն» գրու­թեամբ ցու­ցա­նակ­ներ ամ­րա­ցո­ւած են: Կող­բի հա­մա­քա­ղա­քա­պետ Մեհ­մեթ Գիւլ­թե­քին այս խնդրին մա­սին խօ­սե­լով՝ յա­տուկ անդ­րա­դար­ձած է ցու­ցա­տախ­տա­կի վրայ տեղ գտած նաեւ հա­յե­րէն գրու­թեան: Ան նշած է, որ Կող­բը Հա­յաս­տա­նի հետ սահ­մա­նա­կից գա­ւառ է՝ ա­ւելց­նե­լով, որ այս­տեղ ան­ցեա­լին հա­յեր ապ­րած են ու դեռ շատ վայ­րե­րու ա­նուն­ներ կ’ա­նո­ւա­նո­ւին հայ­կա­կան տար­բե­րակ­նե­րով: