Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուր­քիոյ յա­ռա­ջի­կայ ար­տա­կարգ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րէն ա­ռաջ, Թուր­քիոյ կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րը հրա­պա­րա­կած են ի­րենց ա­ռա­ջադ­րած թեկ­նա­ծու­նե­րու ընտ­րա­կան ցու­ցակ­նե­րը: Իշ­խող Ար­դա­րու­թիւն եւ Բար­գա­ւա­ճում կու­սակ­ցու­թիւ­նը, Հան­րա­պե­տա­կան Ժո­ղո­վուր­դի կու­սակ­ցու­թիւնն ու Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­ դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը դար­ձեալ ա­ռա­ջադ­րած են 7 Յու­լի­սի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ընտ­րո­ւած ի­րենց հայ թեկ­նա­ծու­նե­րը: Իշ­խող կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ ա­ռա­ջադ­րո­ւած թեկ­նա­ծուն է պոլ­սա­հայ լրագ­րող, գրող Մար­գար Ե­սա­յեան, որ ժա­մա­նա­կին վա­րած է նաեւ «­Թա­րաֆ» օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գի­րի պաշ­տօ­նը: Հան­րա­պե­տա­կան Ժո­ղո­վուր­դի կու­սակ­ցու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րած է պոլ­սա­հայ ի­րա­ւա­բան Սե­լի­նա Օ­զու­զուն Տո­ղա­նի` Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նի հայ ա­ռա­ջին կին ան­դա­մին թեկ­նա­ծու­թիւ­նը: Քր­տա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան կու­սակ­ցու­թիւ­նը ա­ռա­ջադ­րած է թեկ­նա­ծու­թիւ­նը Կա­րա­պետ (­Կա­րօ) Փայ­լա­նի, որ Պոլ­սոյ Ե­շիլ­քէօյ թա­ղա­մա­սին մէջ գտնո­ւող հայ­կա­կան դպրո­ցի տնօ­րէնն է եւ մեծ հե­ղի­նա­կու­թիւն կը վա­յե­լէ Պոլ­սոյ հայ հա­մայն­քին մէջ: