Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­Հայ Ի­րա­ւա­բան­նե­րու Միու­թիւ­նը կը տե­ղե­կաց­նէ, թէ Թուր­քիոյ մէջ տե­ղի հա­յե­րուն հաս­ցէին կա­տա­րո­ւած յար­ձա­կում­նե­րուն եւ սպառ­նա­լիք­նե­րուն գծով նա­մակ­ներ յղած է Թուր­քիոյ մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու, Գա­նա­տա­յի, Ֆ­րան­սա­յի, Բ­րի­տա­նիոյ, Ի­տա­լիոյ, Աւստ­րա­լիոյ, Գեր­մա­նիոյ, Պել­ճի­քա­յի, Յու­նաս­տա­նի, Ս­պա­նիոյ, Զո­ւի­ցե­րիոյ, Ռու­սիոյ, Լի­բա­նա­նի, Իս­րա­յէ­լի եւ Քո­լոմ­պիոյ դես­պան­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ Պոլ­սոյ մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հիւ­պա­տո­սին։ Միու­թեան ա­տե­նա­պետ Հե­րի Տիգ­րա­նեա­նի ստո­րագ­րու­թիւ­նը կրող նա­մակ­նե­րուն մէջ դա­տա­պար­տո­ւած են յատ­կա­պէս Պոլ­սոյ Թուզ­լա շրջա­նի «Ար­մէն» ճամ­բա­րին մէջ ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն վրայ Օ­գոս­տոս 13ին տե­ղի ու­նե­ցած յար­ձա­կու­մը եւ Սեպ­տեմ­բեր 9ի ե­րե­կո­յեան թուրք ազ­գայ­նա­մոլ­նե­րու կող­մէ Պոլ­սոյ հայ­կա­կան թա­ղա­մա­սե­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցած բո­ղո­քի վայ­րագ ցոյ­ցը, ո­րուն ըն­թաց­քին հա­յու­թեան հաս­ցէին սպառ­նա­լիք­ներ կա­տա­րո­ւած էին։