Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­Հայ մտա­ւո­րա­կա­նը 7 օ­րո­ւան հա­մար ա­զատ ար­ձա­կո­ւած է

«Ա­րե­ւելք» առ­ցանց թեր­թը Սեպ­տեմ­բեր 14ին բա­ցա­ռիկ զրոյց մը ու­նե­ցած է բան­տէն 7 օ­րո­ւան հա­մար ա­զատ ար­ձա­կո­ւած բա­նա­սէր, գրող, լրագ­րող Սե­ւան Ն­շա­նեա­նի հետ:

Դեկ­տեմ­բեր 2013էն ի վեր բան­տը գտնո­ւող Ն­շա­նեան, իր առ­ժա­մեայ ա­զա­տագր­ման մա­սին տո­ւած է հե­տե­ւեալ բա­ցատ­րու­թիւ­նը.-«Ե­ղած կար­գադ­րու­թիւ­նը միայն ին­ծի չի վե­րա­բե­րիր, այլ բազ­մա­թիւ բան­տար­կեալ­նե­րու հա­մար նմա­նօ­րի­նակ կար­գադ­րու­թիւն ե­ղած է»: Ն­շա­նեան նաեւ յայտ­նած է, որ այ­սու­հե­տեւ «բաց բան­տա­յին» կար­գով պի­տի ան­ցը­նէ իր բան­տար­կու­թիւ­նը։ 

Քա­ղա­քա­կան հայ բան­տար­կեա­լը ը­սած է, որ ցայ­սօր կը գտնո­ւէր Այ­տըն նա­հան­գի Սուլ­թան Հի­սար ա­ւա­նի «Աղ­լան­ճա» բան­տին մէջ ու այ­սու­հե­տեւ պի­տի փո­խադ­րո­ւի նոյն շրջա­նին մէջ գտնո­ւող հա­մե­մա­տա­բար ա­ւե­լի լաւ պայ­ման­ներ ու­նե­ցող բանտ մը։

Ն­շա­նեան խօ­սե­լով իր դա­տա­կան գոր­ծըն­թա­ցին մա­սին ը­սած է, թէ ներ­կայ պայ­ման­նե­րու մէջ իր բան­տար­կու­թեան պայ­մա­նա­ժա­մը 11,5 տա­րի է եւ ե­թէ այդ վճի­ռին վրայ ա­ւել­ցո­ւի այլ 6,5 տա­րո­ւան վճիռ մը, բան­տար­կու­թեան տա­րի­նե­րուն գու­մա­րը կը հաս­նի 18 տարո­ւան։ 

Ն­շա­նեան վրդո­ված է հա­յու­թեան ցու­ցա­բե­րած ընդ­հա­նուր ան­տար­բե­րու­թե­նէն

Նշա­նեան ար­գե­լա­փա­կո­ւած է իր հիմ­նած Շի­րին­ճէ ա­ւա­նին մէջ «ա­պօ­րի­նի շի­նու­թիւն­ներ» կա­տա­րե­լու ան­հիմն մե­ղադ­րան­քով: Մ­տա­ւո­րա­կա­նը ո­րոշ վրդո­վում յայտ­նած է իր հար­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ հա­յու­թեան ցու­ցա­բե­րած ընդ­հա­նուր ան­տար­բե­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ «­Մեր ըն­կեր­նե­րը եւ մօ­տիկ հա­մա­րո­ւած ծա­նօթ­նե­րը չկրցան ո­րե­ւէ ձե­ւով իմ հար­ցին մա­սին լու­սա­բա­նում­ներ տալ։

Օ­րի­նակ Պոլ­սոյ «Ա­կօս» շա­բա­թա­թեր­թը ոչ մէկ տող գրեց իմ բան­տար­կու­թեան պայ­ման­նե­րուն մա­սին եւ այս մէ­կը մեծ ա­մօթ է»,-ը­սած է ան։ Ըստ Ն­շա­նեա­նի, իր ան­կախ ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով է նաեւ, որ ազ­դու կող­մեր տէր չկանգ­նե­ցան իր դա­տին, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ քիչ չէ թի­ւը ա­նոնց, ո­րոնք դրա­կան կե­ցո­ւածք ու­նին իր նկատ­մամբ։

Հայ մտա­ւո­րա­կա­նը նաեւ ը­սած է, որ հա­կա­ռակ դժուա­րին պայ­ման­նե­րուն, կը շա­րու­նա­կէ իր մտա­ւո­րա­կան աշ­խա­տան­քը բան­տին մէջ։

Ներ­կա­յիս կ­՚աշ­խա­տի թրքե­րէն լե­զո­ւի պատ­մու­թեան նո­ւի­րո­ւած հա­տո­րի մը վրայ, որ իր նմա­նօ­րի­նակ աշ­խա­տու­թիւն­նե­րու շար­քին 5րդ հա­տո­րը պի­տի ըլ­լայ։ Ն­շա­նեան պա­տաս­խա­նե­լով Թուր­քիոյ մէջ տպագրուած (բանտ մտնե­լէն ետք) «Ա­ղըր Քի­թապ» («­Ծանր Գիրք») գիր­քին մա­սին հար­ցու­մին, ը­սած է, որ հա­տո­րը իր վեր­ջին շրջա­նի հրա­պա­րա­կած յօ­դո­ւած­նե­րուն 1000 է­ջե­րէ բաղ­կա­ցող հա­ւա­քա­ծոն է։

Նոյն­պէս յի­շած է, որ իր հա­տոր­նե­րը Հա­յաս­տա­նի մէջ պի­տի հրա­պա­րա­կո­ւին հրա­պա­րա­կա­խօս Սար­գիս Հաց­պա­նեա­նի ճի­գե­րով։

«Եր­կի­րը մեծ խեն­թու­թեան մը մէջ է  եւ իր ճամ­բան կորսն­ցու­ցած»

Ս. Ն­շա­նեան, պա­տաս­խա­նե­լով Թուր­քիոյ այ­սօ­րո­ւան զար­գա­ցում­նե­րուն ա­ռըն­չո­ւող հար­ցու­մի մը, նշած է.-«Եր­կի­րը մեծ խեն­թու­թեան մը մէջ է եւ իր ճամ­բան կորսն­ցու­ցած։ Թուր­քիա այ­սօր դժո­ւար պայ­ման­նե­րու մէջ է ու մարդ չի կրնար կռա­հել, թէ այս ըն­թաց­քով դէ­պի ո՞ւր կ­՚եր­թանք»։ Ան չէ բա­ցա­ռած, որ եր­կի­րը ներգ­րա­ւո­ւի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մի մը մէջ։ Ըստ Ն­շա­նեա­նի, Թուր­քիա այ­սօր հի­ւանդ է եւ այդ հի­ւան­դու­թիւ­նը կապ ու­նի Մի­ջին Ա­րե­ւել­քը հա­րո­ւա­ծող մեծ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րուն հետ։

Ա­նոր կար­ծի­քով Թուր­քիոյ հա­մար այ­սօր կա­րե­ւո­րա­գոյն հար­ցը երկ­րի նա­խա­գահ Էր­տո­ղա­նի հե­ռա­նալն է։

«Էր­տո­ղա­նը շատ դրա­կան եւ ճիշդ բա­ներ ը­րաւ այս երկ­րին հա­մար, բայց այ­սօր ան սպա­ռած է եւ պէտք է հե­ռա­նայ։ Ա­նոր իշ­խա­նու­թե­նէն հե­ռա­ցու­մը դու­ռը կը բա­նայ Թուր­քիոյ մէջ նոր հանգ­րո­ւա­նի մը սկիզ­բին, որ պի­տի ըլ­լայ լու­ծում­նե­րու հանգ­րո­ւան մը։ Էր­տո­ղա­նի հե­ռա­ցու­մը մե­ծա­պէս կը թե­թեւց­նէ ծանր վի­ճա­կի մատ­նո­ւած Թուր­քիան։

Էր­տո­ղան 14 տա­րիէ ի վեր կ­՚իշ­խէ Թուր­քիոյ մէջ եւ ա­նոր պէս զօ­րա­մոլ մարդ մը պէտք է վայր­կեան ա­ռաջ հե­ռա­նայ իշ­խա­նու­թե­նէն։ Էր­տո­ղա­նը այ­սօր Թուր­քիոյ մե­ծա­գոյն խնդիրն է»,-եզ­րա­կա­ցու­ցած է Ն­շա­նեան։

Ա­ւար­տին, խօ­սե­լով իր բան­տար­կու­թեան հան­գա­մանք­նե­րուն մա­սին, ան ը­սած է.-«Իմ դէմ ե­ղա­ծը ա­նի­մաստ, սար­սա­փե­լի եւ ա­պուշ վճիռ մըն է։

Մինչ Շի­րին­ճէի մէջ իմ ստեղ­ծած հաս­տա­տու­թիւն­ներս հիա­ցու­մի եւ մեծ յա­ջո­ղու­թեան կ­՚ար­ժա­նա­նան, ան­դին նոյն հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ստեղ­ծո­ղը կրնայ մին­չեւ 15 տա­րի բա­ն­տար­կո­ւիլ»։

Բա­ցա­ռե­լով Թուր­քիա­յէն ընդ­միշտ հե­ռա­նա­լու մա­սին խօս­քե­րը, Ն­շա­նեան նկա­տել տո­ւած է, որ Թուր­քիոյ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ու­զա­ծը ար­դէն իր՝ երկ­րէն հե­ռա­նալն է, բայց ինք այդ քայ­լին պի­տի չդի­մէ ինչ ալ ըլ­լան հան­գա­մանք­նե­րը։