Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նը վեր­ջին օ­րե­րուն ­Թուր­քիոյ մէջ շա­րու­նա­կո­ւող ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը դա­տա­պար­տող յայ­տա­րա­րու­թիւն մը տա­րա­ծած է` յոր­դո­րե­լով զերծ մնալ ­Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քը թի­րախ դարձ­նող յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէ եւ հրա­պա­րա­կում­նե­րէ: Ինչ­պէս կը հա­ղոր­դէ «Ար­մէնփ­րես»` վկա­յա­կո­չե­լով թրքա­կան «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը, յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ ­Պատ­րիար­քա­րա­նը կը յայտ­նէ, թէ ի­րենք կ­՛ա­ղօ­թեն՝ ­Թուր­քիոյ միաս­նա­կա­նու­թեան ու ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան վնա­սող ա­հա­բեկ­չա­կան դէպ­քե­րուն վերջ տա­լու եւ տե­ւա­կան խա­ղա­ղու­թեան հաս­տատ­ման հա­մար:

­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քա­րա­նը իր մտա­հո­գու­թիւ­նը յայտ­նած է այն փաս­տին առն­չու­թեամբ, որ շատ յա­ճախ թրքա­կան լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն մէջ տեղ կը գտնեն տար­բեր յօ­դո­ւած­ներ, ո­րոնք թի­րախ կը դարձ­նեն ­Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քը: «­Ժա­մա­նակ առ ժա­մա­նակ ո­րոշ գրող­նե­րու` մեր հա­մայն­քը թի­րախ դարձ­նող եւ զայն ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման հետ նոյ­նաց­նող ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը խո­րա­պէս կը վի­րա­ւո­րեն այս հայ­րե­նի­քին մշտա­պէս հա­ւա­տա­րիմ եւ քա­ղա­քա­ցիա­կան գի­տակ­ցու­թիւն ու­նե­ցող հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րը: Ի­րենք ի­րենց ­Թուր­քիոյ մէկ մա­սը հա­մա­րող հայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն դէմ ա­նար­դար ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ օգ­տա­գոր­ծե­լը բա­րեգ­թու­թեան մէջ չտե­ղա­ւո­րուող կեցո­ւածք է: Վս­տահ ենք, որ մեր ազ­գի մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հա­մա­կար­ծիք չէ այս օ­տա­րաց­նող ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն հետ»,- ը­սուած է յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ:

­Պատ­րիար­քա­րա­նը խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տէ ո­րե­ւէ տե­սա­կի ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը երկ­րին մէջ` իր վշտակ­ցու­թիւ­նը յայտ­նե­լով բո­լոր այն ըն­տա­նիք­նե­րուն, ո­րոնք այս օ­րե­րուն կո­րուստ­ներ ու­նե­ցած են: