Վերջին օրերուն հակառակորդին յարձակումներուն հետեւանքով ստեղծուած լարուած վիճակները սահմանամերձ տարածքներուն մէջ խուճապային վիճակ չեն յառաջացուցած:
Լրագրողներու հետ զրոյցին՝ ըստ artsakhpress.amի՝ այս մասին ըսած է Հ.Հ. Ազգային Ժողովի «Հանրապետական» խմբակցութեան անդամ Գագիկ Մելիքեան, որ պարբերաբար կ՛այցելէ սահմանամերձ գիւղեր:«Ահաւոր լարուած է վիճակը Տաւուշի մարզին կից ատրպէյճանական գիւղերում»,- ըսած է պատգամաւորը` տեղեկացնելով, որ այդ հատուածին ատրպէյճանական գիւղերու բնակիչներուն 50 տոկոսէն աւելին փախուստի դիմած են:
«Դիտարկումները ցոյց են տուել, որ գիւղերը դատարկ են, քանի որ անասուններն անտէր թափառում են: Խուճապային իսկական վիճակ է ատըրպէյճանական գիւղերում. սահմանամերձ Այգեպար, Չինարի եւ Ոսկեւան գիւղերին սահմանամերձ ատրպէյճանական Ալիպելի, Աղտամ եւ Թաթըլլի գիւղերը գրեթէ ամբողջութեամբ դատարկ են»,- ըսած է Գագիկ Մելիքեան: Պատգամաւորը նաեւ նշած է, որ այս լարուածութեան ետին Հայաստանի եւ Ռուսիոյ նախագահներուն հանդիպումը բաւական լուրջ ազդակ է: