Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­Թուր­քիոյ «­Պիլ­կի մեր­քե­զի» հե­տա­զօ­տա­կան եւ հրա­տա­րակ­չա­կան ըն­կե­րու­թեան սե­փա­կա­նա­տէ­րեր ­Մու­րատ ­Ռու­մեւ­լեք­լիօղ­լուն, ­Մու­րատ ­Պի­չե­րը եւ թարգ­մա­նիչ Եա­ւուզ Այ­տը­նը այ­ցե­լած են ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քի փո­խա­նորդ Ա­րամ Ա­թէ­շեա­նին: Վ­կա­յա­կո­չե­լով թրքա­կան «Beyazgazete.com» լրա­տո­ւա­կան կայ­քը՝ Ermenihaber.am կը նշէ, թէ այ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք պատ­րիար­քա­րա­նին նո­ւի­րած են ­Թուր­քիոյ կրօ­նա­կան հար­ցե­րով նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ հա­յե­րէ­նի թարգ­մա­նո­ւած ­Քու­րա­նի 1000 օ­րի­նակ, 500ը` ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէ­նով, 500ը` ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նով:

­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քի փո­խա­նորդ Ա­րամ Ա­թէ­շեան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է այ­ցին հա­մար եւ նշած, որ մինչ այժմ ­Քու­րա­նի ո­րե­ւէ պի­տա­նի հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւն չէ ե­ղած՝ չնա­յած, որ թարգ­մա­նե­լու քա­նի մը փորձ նա­խա­պէս ալ ե­ղած է:

«Թր­քե­րէն չի­մա­ցող յոյ­նը, հրեան կամ հա­յը պէտք է կար­դան ­Քու­րա­նը, ըն­կա­լե­լու այդ մշա­կոյ­թը:

Ըմբռ­նե­լու այն­տեղ ե­ղած ար­ժէ­քա­ւոր խօս­քե­րը: ­Պէտք է ճանչ­նայ ­Մու­հա­մէտ մար­գա­րէն:

­Նոյն կերպ Աս­տո­ւա­ծա­շուն­չը թարգ­մա­նո­ւած է աշ­խար­հի տար­բեր լե­զու­նե­րով եւ կը կար­դա­ցո­ւի իւ­րա­քան­չիւր հա­սա­րա­կու­թեան կող­մէ: Ես մէ­կա­կան օ­րի­նակ պի­տի ու­ղար­կեմ բո­լոր ե­կե­ղե­ցի­նե­րուն, բո­լո­րը պի­տի ու­նե­նան զայն, ժո­ղո­վուր­դէն փա­փա­քող­նե­րուն եւս պի­տի բաժ­նեմ»,- ը­սած է ­Պատ­րիար­քի փո­խա­նոր­դը:

Ըստ աղ­բիւ­րին` ընդ­հա­նուր առ­մամբ հրա­տա­րա­կո­ւած է հա­յե­րէն ­Քու­րա­նի 5000 օ­րի­նակ, սա­կայն նպա­տակ կայ այդ թի­ւը հասց­նե­լու 300.000ի: