Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

­Թուրք պատ­մա­բան ­Թա­ներ Աք­չամ, Ու­միթ ­Քուր­թի հետ, հրա­պա­րա­կած է հա­յե­րու կա­լո­ւած­նե­րու ա­ւար­ման մա­սին նոր գիրք մը։

­Գիր­քին խո­րա­գիրն է «The Spirit of the Laws: The Plunder of Wealth in the Armenian Genocide» եւ կը քննար­կէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին հա­յե­րու կա­լո­ւած­նե­րու թրքա­ կան գրա­ւու­մը եւ այդ հարս­տու­թիւ­նը պա­հե­լու հե­տա­գայ փոր­ձե­րը։

­Թուր­քիա­յէն հա­տուց­ման ար­դի պա­հանջ­նե­րուն հա­մար նշա­նա­կա­լից է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առն­չո­ւած օ­րէն­քի եւ կա­լո­ւա­ծի յա­րա­բե­րու­թիւ­նը։ Այս գիր­քը կը քննէ ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին հա­յե­րու կա­լո­ւած­նե­րու գրա­ւու­մը եւ այդ հարս­տու­թիւ­նը պա­հե­լու հե­տա­գայ փոր­ձե­րը։ Օ­րէն­քի եւ հա­մա­ձայ­նագ­րե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեան ճամ­բով՝ գիր­քը կը բա­ցա­յայ­տէ, թէ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին հրա­պա­րա­կո­ւած հրա­մա­նագ­րե­րը կեդ­րո­նա­կան սիւ­նե­րը կը կազ­մեն կա­լո­ւած­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու թրքա­կան հա­մա­կար­գին մէջ՝ պահ­պա­նե­լով ի­րենց ի­րա­ւա­բա­նա­կան ար­ժէ­քը։ ­Թէեւ ­Թուր­քիա հայ­կա­կան կա­լո­ւած­նե­րը վե­րա­դարձ­նե­լու մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն­ներ կնքած է, սա­կայն կը շա­րու­նա­կէ մեր­ժել այդ մէ­կը կա­տա­րել։ ­Գիր­քը ցոյց կու տայ, թէ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն­նե­րը կա­խեալ չեն օ­րէնսդ­րա­կան հա­մա­կար­գի քան­դու­մէն եւ ի­րա­ւունք­նե­րու ջնջու­մէն, այլ՝ ընդ­հա­կա­ռակն, ցե­ղաս­պա­նու­թիւն գոր­ծող­նե­րը ի­րենց ծրա­գիր­նե­րը դիւ­րաց­նե­լու հա­մար կը շա­հա­գոր­ծեն օ­րէնսդ­րա­կան հա­մա­կար­գը։