Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուր­քիա, մին­չեւ Նո­յեմ­բեր 1ի ար­տա­կարգ ընտ­րու­թիւն­նե­րը, պի­տի ղե­կա­վա­րո­ւի ան­ցու­մա­յին կա­ռա­վա­րու­թեամբ եւ յայտ­նի է, որ տար­բեր կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րէ եւ ան­կախ ե­րես­փո­խան­նե­րէ բաղ­կա­ցած այս նոր վար­չա­կազ­մին հետ դիւ­րին պի­տի չըլ­լայ վար­չա­պետ Ահ­մետ Տա­ւու­թօղ­լո­ւի գոր­ծը։

Եր­կու­շաբ­թի՝ Օ­գոս­տոս 31ին, նո­րա­կազմ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը իր անդ­րա­նիկ նիս­տը գու­մա­րեց, իսկ ժո­ղո­վի ա­ւար­տին նա­խա­րար­նե­րը ա­ռա­ջին պաշ­տօ­նա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ը­րին մա­մու­լին։ Ա­նոնց­մէ մէկն էր կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մին մէջ Եւ­րո­միու­թեան նոր նա­խա­րար եւ ա­ւագ բա­նագ­նաց Ա­լի Հայ­տար Քոն­ճան, որ ան­դամ է քրտա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովըր­դա­վա­րա­կան Կու­սակ­ցու­թեան։ Ան յայ­տա­րա­րեց, թէ Յու­նիս 7ի ընտ­րու­թիւն­նե­րուն յա­ջոր­դող զար­գա­ցում­նե­րը պար­տա­ւո­րիչ դար­ձու­ցին ան­ցու­մա­յին կա­ռա­վա­րու­թեան մը հիմ­նու­մը եւ քրտա­մէտ կու­սակ­ցու­թիւ­նը, ար­ժե­ւո­րե­լով ի­րա­վի­ճա­կը, ո­րո­շեց իր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ու­նե­նալ վար­չա­կազ­մին մէջ։ Ըստ նա­խա­րա­րին՝ քրտա­մէտ կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը հա­ւա­տայ, որ երկ­րին հար­ցե­րը պէտք է ի­րենց լու­ծու­մը գտնեն ժո­ղովր­դա­վար սկզբունք­նե­րով ու այդ պատ­ճա­ռով է, որ բա­ցէ ի բաց կոչ կ­՛ուղ­ղո­ւի զէն­քե­րը վար դնե­լու։ «Ո՛չ թէ բռունցք­նե­րը սեղ­մե­լով, այլ երկ­խօ­սու­թեամբ պէտք է գտնել հաշ­տու­թեան ճամ­բան։ Ե­թէ այդ­պէս շար­ժինք, ա­պա կրնանք Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ ստեղ­ծո­ւած ճախ­ճա­խու­տէն ձեր­բա­զա­տիլ» ը­սաւ նա­խա­րար Քոն­ճա։ Նա­խա­րա­րը ի­րեն ուղ­ղեալ բազ­մա­թիւ հար­ցում­նե­րու կար­գին, յստակ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով պա­տաս­խա­նեց նաեւ այն հար­ցու­մին, թէ ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ իր դիր­քո­րո­շու­մը, ե­թէ օ­րա­կար­գի նիւթ դառ­նան 1915ի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ «հայ­կա­կան պնդում­նե­րը»։ Ա­լի Հայ­տար Քոն­ճա կարճ ու բա­ցէ ի բաց ը­սաւ.- «­Կար­ծե­ցեալն ու ի­րա­կա­նը (ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը) ո­րե­ւէ տար­բե­րու­թիւն չու­նին. բա­ցո­րոշ ու յստակ է, որ կո­տո­րած մը գոր­ծադ­րո­ւած է։ Այս ի­րո­ղու­թիւ­նը բո­լորն ալ կ­՛ըն­դու­նին։ Բուն հար­ցը այս ի­րո­ղու­թիւ­նը ճանչ­նա­լու կէ­տին շուրջ հա­մախմ­բո­ւիլն է։ Այս մա­սին պի­տի խօ­սինք մեր կու­սակ­ցու­թե­նէն ներս եւ պի­տի ճշդենք մեր դիր­քո­րո­շու­մը»։

Թր­քա­կան մա­մու­լին մէջ նա­խա­րա­րին այս խօս­քե­րը մեծ աղ­մուկ բարձ­րա­ցու­ցած են եւ խիստ քննա­դա­տու­թեանց ար­ժա­նա­ցած։ «­Սա­պահ» թեր­թը գրած է, որ նա­խա­րա­րը «չա­փը ան­ցու­ցած է»: Ա­ւե­լի ուշ, փոր­ձե­լով քննա­դա­տու­թիւն­նե­րու ա­լի­քը զսպել՝ նա­խա­րա­րը յստա­կա­ցու­ցած է իր կե­ցո­ւած­քը եւ յայ­տա­րա­րած. «Ես «ցե­ղաս­պա­նու­թիւն» ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը չեմ օգ­տա­գոր­ծած: Թուր­քիա պէտք է ա­ռե­րե­սո­ւի ան­ցեա­լի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն հետ: Ար­դեօք 1915ին ո­րե­ւէ բան տե­ղի չէ՞ ու­նե­ցած: Ե­թէ այդ­պէս է, ա­պա ո՞ւր են այդ հա­յե­րը: Փաստ է, որ սպա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րո­ւած են եւ զա­նոնք պէտք է կո­տո­րած ա­նո­ւա­նել»: