Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Սեպ­տեմ­բե­րի ա­ռա­ջին օ­րե­րուն, մա­մու­լը ան­պայ­ման կը յի­շէ 1955ի Սեպ­տեմ­բեր 6-7ի պա­տա­հար­նե­րը, երբ Իզ­մի­րի եւ Պոլ­սոյ մէջ թուրք ազ­գայ­նա­մոլ ու­ժեր յար­ձա­կե­ցան յոյ­նե­րու, հա­յե­րու, հրեա­նե­րու եւ այլ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու վրայ՝ տու­ներ եւ խա­նութ­ներ հրկի­զե­լով, քան­դե­լով եւ թա­լա­նե­լով, կի­ներ բռնա­բա­րե­լով եւ կղե­րա­կան­ներ սպան­նե­լով։ Թուր­քե­րու յար­ձա­կում­նե­րը սկսան, երբ հա­ղոր­դո­ւե­ցաւ, թէ յոյ­ներ յար­ձա­կած էին Ա­թա­թիւր­քի տան վրայ։ Ա­ւե­լի ուշ ի յայտ ե­լաւ, որ թուրք գաղտ­նի գոր­ծա­կալ մը պայ­թու­ցիկ մը նե­տած էր շէն­քին վրայ։

Սկզբ­նա­պէս այս պա­տա­հա­րի ներ­քին ծալ­քե­րուն մա­սին շատ չխօ­սո­ւե­ցաւ, սա­կայն ա­ւե­լի ուշ յայտ­նի դար­ձաւ, որ ինչ­պի­սի բե­մադ­րու­թեան մը ար­դիւնքն էին այդ պա­տա­հար­նե­րը։ Սա­կայն այս բո­լո­րին մէջ որ­քա՞ն էր Մեն­տե­րե­սի կա­ռա­վա­րու­թեան մեղ­սակ­ցու­թիւ­նը։ 60 տա­րի­ներ ան­ցած են այդ գի­շե­րէն ու այ­սօր ալ այս հար­ցու­մը կ­՛ուղ­ղո­ւի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն, այս ան­գամ՝ քրտա­մէտ Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու Ժո­ղովըր­դա­վա­րու­թիւն Կու­սակ­ցու­թե­նէն ե­րես­փո­խան Միթ­հատ Սան­ճա­րի կող­մէ, որ նոր նշա­նա­կո­ւած ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րի հաս­ցէին հար­ցա­գիր մը յղած է՝ յստա­կաց­նե­լու հա­մար պե­տու­թեան մեղ­քի բա­ժի­նը 1955ի Սեպ­տեմ­բեր 6-7ի պա­տա­հար­նե­րուն մէջ։

Ան նաեւ հարց տո­ւած է, թէ մի­ջո­ցա­ռում­ներ կա՞ն այ­սօր Թուր­քիոյ մէջ ապ­րող ոչ-իս­լամ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու պաշտ­պա­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ա­նոնց մշա­կոյ­թին եւ կրթա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն, լե­զու­նե­րուն եւ կրօնք­նե­րուն գո­յա­տեւ­ման ի նպաստ։ Կը հար­ցո­ւի նաեւ, թէ ի՞նչ է ի­րա­ւա­կան վի­ճա­կը բո­լոր այն կա­լո­ւած­նե­րուն, զորս ոչ-իս­լամ­նե­րը լքած են։

Այլ նշում­ներ են՝

– Հա­մա­ձա՞յն էք այն տե­սա­կէ­տին, թէ հան­րա­յին յի­շո­ղու­թեան մէջ ծանր վէր­քեր բա­ցող նմա­նօ­րի­նակ դէպ­քե­րու դի­մաց շատ կա­րե­ւոր է, որ պե­տու­թիւ­նը ճշմար­տու­թիւն­նե­րը հրա­պա­րա­կէ, ան­ցեա­լի հետ ե­րես առ ե­րես գայ եւ նե­րո­ղու­թիւն խնդրէ։

– Ներ­կա­յիս փաս­տո­ւած է, որ այս­պի­սի դառն պա­տա­հար­նե­րու դի­մաց պաշ­տօ­նա­կան մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը միշտ ճամ­բայ կը բա­նայ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ուղ­ղեալ նոր խտրա­կա­նու­թիւն­նե­րու եւ բռնու­թիւն­նե­րու։ Ա­սոնց կար­գին կրնանք յի­շել Տ­րա­պի­զո­նի մէջ Սան­թա Մա­րիա ե­կե­ղեց­ւոյ քա­հա­նայ Անտ­րէա Սան­թո­րիի սպա­նու­թիւ­նը՝ 5 Փետ­րո­ւար 2006ին, կամ՝ 18 Ապ­րիլ 2007ին Մա­լա­թիոյ Զիր­վէ հրա­տա­րակ­չա­տան վրայ կա­տա­րո­ւած յար­ձա­կու­մը, ո­րուն ըն­թաց­քին մէկ գեր­մա­նա­ցի եւ եր­կու թուրք քրիս­տո­նեա­ներ սպան­նո­ւե­ցան, կամ նաեւ՝ Հ­րանդ Տին­քի վրայ գոր­ծադ­րո­ւած մա­հա­փոր­ձը եւ այլ­ն։