Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ատր­պէյ­ճան­ցի քա­ղա­քա­գէտ ­Զար­տուշտ Ա­լի­զա­տէ կը բա­ցա­ռէ պա­տե­րազ­մի վերսկս­ման հա­ւանակա­նու­թիւ­նը։ ­Քա­ղա­քա­գէ­տը իր կար­ծի­քը յայտ­նած է minval.az առ­ցանց թեր­թին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ:
Ըստ Ա­լի­զա­տէի, շփման գի­ծին վրայ փոխ-հրաձը­գու­թիւն տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ ­Փիշ­քէ­քի մէջ 1994ին ստո­րագ­րո­ւած հրա­դա­դա­րի հա­մա­ձայ­նու­թե­նէն ի վեր։ Ա­տոնք պար­բե­րա­կան, կա­ռա­վա­րե­լի բնոյթ կը կրեն։ “­Հի­մա ա­ւե­լի աշ­խոյժ, նոր փուլ սկսած է։ ­Բայց, ես կը բա­ցա­ռեմ պա­տե­րազ­մի վերսկս­ման հա­ւա­նու­թիւ­նը։ Ատր­պէյ­ճան պէտք չու­նի ­Ղա­րա­բա­ղին. ­Ռու­սաս­տան ա­ւե­լի պէտք ու­նի։ Ք­րեմ­լին եր­կու եր­կիր­նե­րը կը պա­հէ իր վե­րահս­կո­ղու­թեան տակ”,- յայ­տա­րա­րած է ­Զար­տուշտ Ա­լի­զա­տէ:
“Իմ դի­տար­կում­նե­րը ցոյց տո­ւած են, որ մեր մար­դի­կը հե­տաքրք­րող միակ բա­նը տո­լա­րի փո­խար­ժէքն է։ Ե­թէ աշ­խար­հի վրայ քիչ կը խօ­սո­ւի ­Ղա­րա­բա­ղի մա­սին, ա­տի­կա ա­զէր­պայ­ճա­նա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան յա­ջո­ղու­թիւնն է”,- կը հա­մա­րէ քա­ղա­քա­գէ­տը:
­Պա­տաս­խա­նե­լով նա­խա­գահ­նե­րու հան­դիպ­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թեան մա­սին հար­ցու­մին, Ա­լի­զա­տէ նշած է, որ ա­նոնք խօ­սե­լիք բան չու­նին, ա­ւելց­նե­լով. - «Եր­կու եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու դիր­քո­րո­շում­նե­րը տրա­մագ­ծօ­րէն հա­կա­ռակ են, շփման, փո­խա­դարձ յար­գան­քի կէ­տեր չկան։ Ոչ ոք կ­՚ու­զէ լու­ծել այդ խնդի­րը։ Ա­տոր հա­մար ալ նման հան­դի­պում­ներ ուղ­ղա­կի ա­նի­մաստ կը դառ­նան: 
«Ար­դէն 20 տա­րի է՝ ­Ղա­րա­բա­ղը փաս­տօ­րէն չի պատ­կա­նիր Ատր­պէյ­ճա­նին։ ­Փիշ­քէ­քեան ար­ձա­նագ­րու­թեամբ եր­կի­րը յանձ­նա­ռու ե­ղած է, որ պի­տի չփոր­ձէ բիրտ ու­ժով ետ գրա­ւել ­Ղա­րա­բա­ղը։ Իսկ ի՞նչ փո­խո­ւած է։ ­Հա­սա­րա­կու­թիւ­նը արթն­ցա՞ծ է, ցա՞ւ զգա­ցած է։ Ե­րե­ւա­կա­յե­ցէք այն­պի­սի ի­րա­վի­ճակ մը, երբ բո­լոր ա­զէ­րի ­Ղա­րա­բաղ­ցի­նե­րուն յան­կարծ յայ­տա­րա­րեն, որ զի­րենք ­Պա­քո­ւէն կը տե­ղա­հա­նեն դէ­պի Ատր­պէյ­ճա­նի խոր­քը… Դ­ժո­ւար չէ կռա­հել, թէ ի՛նչ տե­ղի կ­՚ու­նե­նայ»,- նշած է ան:
Ա­լի­զա­տէի հա­մա­ձայն, Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ լա­ւա­տե­ղեակ են եւ գի­տեն, որ ղա­րա­բա­ղեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին թափ տա­լու մի­ջոց­նե­րը սկսած են սպա­ռիլ։ «­Վեր­ջին նման աշ­խու­ժա­ցում ե­ղած էր է ­Քի ­Վես­թի մէջ, երբ ի վեր­ջոյ բո­լո­րը հասկ­ցան, որ թէ՛ ­Հա­յաս­տան, թէ՛ ալ Ատր­պէյ­ճան եր­կա­թեայ շղթա­նե­րով գա­մո­ւած են ­Ռու­սաս­տա­նին եւ ի­րենք ի զուր ժա­մա­նակ կը կորսնց­նեն։ Ատ­կէ յե­տոյ, սկսան ըն­դա­մէ­նը եր­բեմն-եր­բեմն ­Մինս­քի խում­բի նոր հա­մա­նա­խա­գահ­ներ նշա­նա­կել։ Ա­սի­կա շատ նման է մեր­ձա­ւոր-ա­րե­ւե­լեան կար­գա­ւոր­ման միայն Ա.Մ.Ն.էն կա­խեալ ըլ­լա­լու ե­րե­ւոյ­թին, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ ­Ռու­սաս­տա­նը հա­մա­նա­խա­գա­հող է, բայց իր­մէ ո­չինչ կա­խեալ է։ ­Նոյնն է ղա­րա­բա­ղեան հա­կա­մար­տու­թեան պա­րա­գան. ա­մէն ինչ կա­խո­ւած է ­Ռու­սաս­տա­նէն, բայց Ա.Մ.Ն.ը, այ­նո­ւա­մե­նայ­նիւ, ներ­կայ է բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն»,- յայտ­նած է Ա­լի­զա­տէ։