Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Թուր­քիոյ մէջ պատ­րաս­տո­ւած է 1915ի ող­բեր­գու­թեան նիւ­թով ա­ռա­ջին եր­կար ժա­պա­ւէ­նը՝ «­Կո­րու­սեալ Թռ­չուն­նե­րը», որ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը ներ­կա­յաց­նէ իբ­րեւ տե­ղա­հա­նու­թիւն։ Բե­մադ­րիչ­ներ Ա­րէն Պեր­տե­ճիի եւ Է­լա Ա­լեա­մա­չի հե­ղի­նա­կած եւ Թուր­քիոյ մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան ա­ջակ­ցու­թեամբ պատ­ րաս­տո­ւած ժա­պա­ւէ­նին ծա­նու­ցու­մը մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն ստեղ­ծած է եւ ա­նի­կա ար­դէն ցու­ցադ­րո­ւած է 113 եր­կիր­նե­րու մէջ։ Ժա­պա­ւէ­նին անդ­րա­դար­ձած թրքա­կան «­Ռա­տի­քալ» պար­բե­րա­կա­նը կը գրէ.- «Kara Kedi Film» ըն­կե­րու­թեան պատ­րաս­տած «­Կո­րուսեալ Թըռ­չուն­նե­րը» ժա­պա­ւէ­նը կը յատ­կանշուի մէկ գի­շերուան մէջ ի­րենց ամ­բողջ ըն­տա­նի­քը կորսնցու­ցած քրոջ ու եղ­բօր՝ Մա­րիա­մի եւ Պե­տո­յի ըն­տա­նի­քին ո­րո­նում­նե­րը նկա­րագ­րող թախ­ծա­լից պատ­մու­թեամբ, որ իր մէջ կ­՛ամ­փո­փէ հա­զա­րա­ւոր հայ ե­րե­խա­նե­րու ճա­կա­տա­գի­րը»: Գլ­խա­ւոր դե­րե­րը ստանձ­նած են Տի­լա Ու­լու­ճան եւ Հե­րոս Ա­գո­պեան, ո­րոնք այս դե­րե­րուն հա­մար ընտ­րո­ւած են Թուր­քիա բնա­կող եւ դե­րին հա­մար թեկ­նա­ծու հան­դի­սա­ցող շուրջ 502 մա­նուկ­նե­րէն:

«Տ­պա­ւո­րիչ տե­սա­րան­նե­րով, տա­ղան­դա­ւոր դե­րա­սան­նե­րով, մեծ պիւտ­ճէով, պատ­մա­կան ի­րա­կա­նու­թեան հա­մա­պա­տաս­խա­նող ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ եւ բա­նաս­տեղ­ծա­կան ե­րաժըշ­տու­թեամբ ու­շադ­րու­թիւն գրա­ւող «­Կո­րու­սեալ Թըռ­չուն­նե­րը» ժա­պա­ւէ­նին ցու­ցադ­րու­թիւ­նը Թուր­քիոյ մէջ պի­տի կա­յա­նայ Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ւար­տին կամ Նո­յեմ­բե­րի սկիզ­բը»,- գրած է «­Ռա­տի­քալ»: Ըստ թրքա­կան պար­բե­րա­կա­նին՝ ժա­պա­ւէ­նին նա­խա­պատ­րաս­տա­կան նկա­րա­հա­նում­նե­րը կա­տա­րուած են ան­ցեալ հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին: Հինգ տա­րի տե­ւած ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րէ եւ տա­րի մը տե­ւած նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րէ ետք սկսած նկա­րա­հա­նում­նե­րը ա­ւար­տած են 30 օ­րո­ւան ըն­թաց­քին: