Այժմեան Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող Սասունի Մարութայ (Մարաթուկ) Սարի ամենամեայ ուխտագնացութեան մասնակցած են աշխարհի տարբեր երկիրներէ ժամանած հայեր։ Այս մասին կը գրէ News.am:
Թրքական Batmancagdas կայքի փոխանցումով` ամէն տարի Յուլիսի վերջը իրականացուող Մարութայ Սարի ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցած է նաեւ այս տարի:
Աշխարհի տարբեր կողմերէ Սասուն գացած հայերը բարձրացած են Մարութայ Լերան գագաթը, այնտեղ գտնուող Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մոմ վառած եւ աղօթած: Սասունի քաղաքապետը նշած է, թէ ամէն ինչ ըրած են որպէսզի Պոլիսէն եւ արտասահմանէն եկած հայերու ուխտը յաջող անցնի: «Իբրեւ տեղական իշխանութիւններ, մենք Մարութայ Լերան հետ կապուած ծրագիրներ ունինք, ներառեալ հիւրատուն պիտի կառուցենք»,- ըսած է Սասունի քաղաքապետը: Նշենք, որ Մարութայ Սարը կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Սասուն գաւառին մէջ եւ եղած է սասունցիներու սիրած եւ պաշտելի լեռը, որ կոչուած է նաեւ Մարաթուկ: