«RePEc» Տնտեսական Հետազօտութիւններու Կեդրոնի կազմած աշխարհի ամենանշանաւոր տնտեսագէտներուն վարկանշային աղիւսակին մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ պոլսահայ ամերիկաբնակ տնտեսագէտ Տարօն Աճեմօղլուն:
Այս փաստին, ըստ Ermenihaber.amի, առանձնակի ուշադրութեամբ անդրադարձած են թրքական գլխաւոր լրատուամիջոցները: Յայտնի դարձած է, որ, նշանաւոր տնտեսագէտներու վերոյիշեալ ցուցակը կազմելու ժամանակ, քննարկուած է 2223 տնտեսագէտի թեկնածութիւն: Հաշուի առնուած են տնտեսագէտներու վերջին 10 տարիներու գիտական գործունէութիւնը, տնտեսագիտական աշխատութիւնները, անոնց գործերէն կատարուած մէջբերումները եւ այդ բոլորին գտած ժողովրդականութիւնը: Նշենք, որ Տարօն Աճեմօղլուն ծնած է 1967ին, Պոլիս։ 1986ին աւարտած է Կալաթասարայի վարժարանը, որմէ ետք ուսումը շարունակած է Անգլիոյ «Եորք» համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինին մէջ: Գիտական աստիճան ստացած է Լոնտոնի Տնտեսագիտական Համալսարանին մէջ, ուր դասաւանդած է 1992-1993 թուականներուն: 1993էն սկսեալ կը դասաւանդէ Ա.Մ.Ն.ի Մասաչուսէթսի համալսարանի ճարտարագիտական ուսումնարանին մէջ: