Print
Category: Թուրքիա-Ատրպէյճան

Ամերիկեան կառավարութեան կողմէ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան որոշուեցաւ երեք հատ ռազմական Super Cobra ուղղաթիռներու վաճառքը Թուրքիոյ:

Ինչպէս կը նախատեսէ ամերիկեան օրէնքը՝ ՆԱԹՕի դաշնակից երկրի մը վաճառուելիք ռազմամթերքը կրնայ անմիջապէս վաւերացուիլ ամերիկեան Գոնկրէսին կողմէ, եթէ 15 օրուայ ընթացքին որեւէ բողոք չներկայացուի այդ գծով:
Ճշդուած այս ժամանակաշրջանը արդէն լրացած է եւ ինքնիրեն վաւերացուած կը նկատուի 115 միլիոն տոլար արժողութեամբ ռազմական ուղղաթիռներու վաճառքը:
Յայտնենք, որ ամերիկացի ծերակուտականներու խումբ մը, Էլիոթ Էնկէլի եւ Սելէյ Պերքլէյի գլխաւորութեամբ, վաճառքի վաւերացման դէմ բանաձեւ մը ներկայացուցած էր Գոնկրէսին, սակայն կարելի չեղաւ որեւէ արդիւնքի հասնիլ: