Թրքական ազգայնամոլ «Գորշ Գայլեր» կազմակերպութեան քաղաքական թեւը համարուող Ազգայնական Շարժում Կուսակցութեան (MHP) փոխ-նախագահ, պատգամաւոր փրոֆ. Սեմիհ Եալչըն Թուրքիոյ ներ-քաղաքական կացութեան մասին յայտարարութիւն մը կատարած է՝ նշելով, որ Յունիս 7ին կայացած խորհրդա րանական ընտրութիւններու արդիւնքները պատճառ դարձան քաղաքական ճգնաժամի եւ ահաբեկչական միջադէպերու: Սեմիհ Եալչըն նաեւ յայտարարած է, որ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) ղեկավարները առնչութիւն ունին Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան (PKK) հետ՝ պնդելով, որ անիմաստ է տարբերութիւն դնել նշեալ կուսակցութեանց միջեւ:
Ան նաեւ բաղդատական կատարած է Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միջեւ՝ ըսելով.- «Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը ունի նոյն անջատողական նպատակները, զորս ունէր Հ.Յ.Դ.ն, որ ստեղծուած էր 1890 թուականին եւ կը ցանկար Օսմանեան Կայսրութեան հողերուն վրայ ինքնավար շրջան ստեղծել: Հ.Յ.Դ.ի առաքելութիւնը այժմ կը շարունակեն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը եւ Քիւրտիստանի Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը»: